Յաջորդ տարեսկիզէն Հայաստանի պատմութեան թանգարանը ցուցադրութեան պիտի ներկայացնէ Հայաստանի տարբեր մարզերէ հաւաքուած, վերականգման ենթակայ հինգ տասնեակէ աւելի բեկորային յուշակոթողներ:
Կոթողները հիմնականօրէն վերագրուած են վաղ միջնադարեան կամ միջնադարեան շրջանին, կան նաեւ աւելի հին թուագրուող պատմամշակութային կոթողներ:
Ծրագիրը ներկայացուցած է պատմութեան թանգարանը, ստանալէ ետք կառավարութեան հաստատումը: Կազմակերպողները կը բացատրեն թէ նպատակը ոչ միայն ցուցադրել, այլ նաեւ մաքրել, պահպանել է այդ կոթողները, ապա չորս տարի յետոյ՝ վերադարձնել այն մարզերը, ուրկէ բերուած են:
Այսուհանդերձ, որոշ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ բնապահպանները բուռն քննադատական խօսքերով հանդէս եկած են, շետշելով, որ յուշարձանային այդ բեկորները կարելի չէր տեղաշարժել եւ տեղափոխել այն վայրերէն, ուր անոնք պատմականօրէն կը գտնուէին:
Թանգարանի տնօրէն Անելկա Գրիգորեանը վստահեցուցած է թէ յուշարձանները պիտի վերադարձուին իրենց «բնակավայրերը» նշելով թէ թանգարանը միշտ պահպանած է հայ ժողովուրդի պատմութեան վկաները։