Հայաստան - ԵՄ դիւրացուած վիզային համակարգը պիտի գործէ 2013-ի կիսուն
Եւրոպական Քոմիսիոնի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ այսօր Երեւան կ'այցելէ: Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանը յաւելեալ 15 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն ստացած է Եւրոպական Միութենէն, որ կը խրախուսէ երկրէն ներս կատարուած բարեփոխումները:
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ դիւրացուած վիզային համակարգ պիտի ունենայ 2013-ի կէսերէն: Այդ մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ: Վերջինս Երեւան կը ժամանէ այսօր, ուր պիտի մասնակցի «Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան» Արեւելեան գործընկերութեան համաժողովին։
Նախքան Երեւան ժամանումը Պարոզօ խօսած է «Մետիամաքսին», անդրադառնալով նաեւ մեր երկրէն ներս կայանալիք յառաջիկայ ընտրութիւններուն, նշելով, որ իրենք կ'ակնկալեն, որ ընտրութիւնները պիտի համապատասխանեն միջազգային չափանիշներուն։
«Ինչպէս գիտէք, մեր քաղաքականութիւնը առաւելաբար հիմնուած է «աւելին` աւելիի համար» սկզբունքին վրայ. որքան խոր ըլլան բարեփոխումները, այդքան ԵՄ-ն աւելի շատ կրնայ օգնել»,- ըսած է Պարոզօ։
Քոմիսիոնի նախագահը արձանագրած է, որ լաւ առաջընթաց արձանագրուած է Եւրոպական համարկման համաձայնագրի բանակցութիւններուն մէջ, որոնք կը նախատեսեն Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան քաղաքական մօտեցում եւ տնտեսական համարկում, իսկ մուտքի արտօնագրերու (վիզա) դիւրացման եւ համաձայնագրերու վերաբերեալ բանակցութիւնները յայտնի կը դարձնեն թէ որքան արագ ընթացաւ գործընթացը, եւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ամբողջացան քննարկումները:
Պարոզօ յիշեցուցած է, որ Հայաստանը յաւելեալ 15 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն ստացած է, որով Եւրոպական Միութիւնը կը խրախուսէ բարեփոխումները:
Հարցազրոյցին մէջ Պարոզօ անդրադարձած է նաեւ Արցախեան հիմնախնդրին, դիտել տալով թէ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ փոխ զիջում փնտռելը կը բխի Հայաստանի շահերէն: Նոյնը կը վերաբերի Ատրպէյճանին: Այդ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով: Հակամարտութեան վերսկսումը կրնայ լրջօրէն վնասել բոլոր ներգրաւուած կողմերուն», ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը:
Պարոզոյի հանդիպումները
Երեւանի մէջ
ՀՀ նախագահի գրասենեակէն կը յայտնեն թէ Պարոզօ, իր այցելութեան առիթով, հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահի, Ազգային Ժողովի նախագահի եւ վարչապետին հետ: Քննարկումները պիտի ընդգրկեն Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային հիմնախնդիրներու օրակարգեր:
Իսկ վաղը, Դեկտեմբեր 1ին, նախատեսուած է Քոմիսիոնի նախագահի մամլոյ ասուլիսը, բանակցութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ: