Վերեւ նշուած կարծիքը արտայայտեց երէկ լրագրողներու հետ զրուցելով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանը:

«Այն եզրակացութիւնը, որ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով պիտի ըլլայ բանակցութիւններու շարունակութիւնը, կը վկայէ, որ համանախագահող երկիները կը փորձեն ինչ-որ մեկնարկ տալ փակուղի մտած բանակցութիւններուն եւ նուազեցնել պատերազմի հաւանականութիւնը»,-ըսած է Մանոյեան:
Հնարաւոր պատերազմ ըսելով, ըստ Կիրօ Մանոյեանի, պէտք է հասկնալ ոչ միայն Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները, այլեւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Կիրօ  Մանոյեանի կարծիքով՝ համանախագահները բանակցութիւնները աշխուժացնելու ոչ էական քայլեր կÿընեն: «Հայկական կողմին կը մնայ աշխուժացնել ճիգերը ԼՂՀ-ի ճանաչման ուղղութեամբ: Կարեւոր չէ թէ ինչ մակարդակով եւ ինչպիսի ճանաչում կÿըլլայ: Պէտք է օգտուիլ ստեղծուած իրավիճակէն»,- ըսած է Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէնը: Ան նաեւ ընդ- գծած է, որ հայկական կողմը պէտք է Ատրէյճանին յիշեցնէ, որ Հունգարիոյ հետ սաֆարովեան գործարքին պատճառով է, որ բանակցութիւնները փակուղիի մէջ են եւ չէզոքացնէ մեղքը հայկական կողմի վրայ բարդելու ատըրպէյճանական փորձերը:
«Եթէ համանախագահող պետութիւնները անկեղծ են եւ կը ցանկանան որեւէ բան տեղէն շարժել, ապա ատիկա հնարաւորութիւնը կու տայ Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն: Ատըրպէյճանը պէտք է հասկնայ, որ այդ բանակցութիւնները պատանդ պահել չի կրնար» ըսած է Կիրօ Մանոյեան: