
Հայաստանի մէջ, Համազգայինի բեմէն ներկայացուեցաւ Պերճ Պռոշեանի «Հացի խնդիրը»: Վէպի համանուն ներկայացման համար ծախսուեցաւ 18 միլիոն դրամ:
Դերերը վերցուցած են 45 դերասաններ եւ անոնց տրուած են մեծ հնարաւորութիւններ եւ ազատութիւն:
Բեմադրութեան համար երկարատեւ եւ յամառ աշխատանք պահանջուեցաւ: Փորձ կատարուած էր արդիականացնելու եւ մեր ժամանակներուն յարմարեցնելու 160 տարի առաջ տիրող բարքերն ու սովորութիւնները:
«Ներկայացումը հայ մարդու մասին է: Գաղափարը Կարէն Վարդանեանին է: Գործի ընտրութիւնը` Սօս Սարգսեանին: Նա առաջարկեց փորել մի հող, որ դեռ փորուած չէ»,- ըսաւ Համազգայինի թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանը։
«Դերասանը խաղալու բան ունէր այստեղ, ասելու բան ունէր, կարեւոր խօսք է հնչեցնում, կարծում եմ, գոնէ այդ պարագան յաղթահարուած է»,- ըսաւ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանը:
Առաջին ներկայացման ներկայ եղաւ բեմի մեծ վարպետ Սօս Սարգսեանը: Ան խոստովանեցաւ թէ Պերճ Պռոշեանին նոր բացայայտած է, այս տարիքի մէջ: «Արուեստը պէտք է ժողովրդի էութիւնը, բնաւորութիւնն ու անցեալն արտայայտի կարծում եմ» կ'ըսէ վարպետը, աւելցնելով, թէ «այնուամենայիւ, ներկայացումը լուսաւոր վերջաբան ունի` յոյսով է աւարտւում, մի օր իրական կը դառնան Պռոշեանի խօսքերը, եւ մարդու գլխաւոր դատաւորը կը լինի սեփական խիղճը», ըսաւ ան: