Հ.Յ.Դ. երէկ առաջին հանդիպում մը ունեցած է ՀԱԿի հետ: Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Ազգային Ժողոքի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը նշելով,

որ բաւական խորքային քննարկում տեղի ունեցած է եւ ներկայացուած են Հ.Յ.Դ.ի առաջարկի 7 տարբեր կէտերը:
Դաշնակցութեան համար սկզբունքային է մօտ 10 օր առաջ հրապարակուած օրակարգը, որուն միանալու շուրջ էր բանակցութիւնը: Ինչպէս յայտարարուած էր Հ.Յ.Դ. կ'առաջարկէ փոխել երկրի կառավարման համակարգը, անցնելով խորհրդարանական կառավարման:
Արմէն Ռուստամեան նշեց նաեւ, որ որոշ կէտերու վերաբերեալ կողմերու մօտեցումները «իհարկէ, տարբեր էին, բայց հիմնական, խորքային հարցերի վերաբերեալ դիրքորոշումները նոյնն են»:
yerkir.am-ի հարցին ի պատասխան, թէ հաշուի առնելով ԲՀԿ-ի եւ ՀԱԿ-ի հետ այս հանդիպումները, հնարաւոր է արդեօ՞ք մէկ միասնական թեկնածուով նախագահական ընտրութիւններուն հանդէս գալ, Ռուստամեանը ըսած է որ կարելի չէ բացառել այսպիսի պարագայ: