Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլաեւ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բողոքագիր մը յղած են Ուրուկուէյի իշխանութեանց՝ քննադատելով Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ կատարուած պաշտօնական այցելութիւնը:
Յատկանշական է, որ Արժանթինի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը, որ նաեւ Ուրուկուէյի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանն է, Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի հետ հանդիպում մը ունեցած էր՝ անոր Հայաստան այցելութենէն քանի մը օր առաջ միայն:
Ուրուկուէյ պատասխանեց Ատրպէյճանի բողոքին
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է երկրի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան կապակցութեամբ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքին։
«Թրենտ» լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ՝ գրուած է թէ պաշտօնական Մոնթեվիտէոյի միջազգային գործունէութիւնը հիմնուած է պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի, ներքին գործերուն չմիջամտելու, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներուն վրայ։
«Ուրուկուէյ խորը եւ աւանդական կապեր ունի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ բարեկամական ու կառուցողական յարաբերութիւններ՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ» գրուած է նամակին մէջ։