Ուրուկուէյ Կը Փափաքի Լեռնային Ղարաբաղի  Հակամարտութեան  Խաղաղ Կարգաւորումի  Հասնիլ

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող եւ այս ծիրին մէջ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը 17  Նոյեմբերին հանդիպում ունեցան Երեւանի պետական համալսարանի  ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին հետ:

Խորխէ Օրիքօ Ծիծեռնակաբերդի
անմար կրակին առջեւ


Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան ողջունեց բարձրաստիճան հիւրերը եւ նշեց, որ թէեւ երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են 1992 թուականին, բայց եւ այնպէս Հայաստան մեծապէս կը գնահատէ այն բարոյական աջակցութիւնը, զոր Ուրուկուէյ մնայուն կերպով ցուցաբերած է Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ: «Ուրուկուէյը գրեթէ 20 հազար հայերու տունն է: Մենք միշտ կը յիշենք ու կը գնահատենք այն փաստը, որ Ուրուկուէյ առաջին պետութիւնն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ ճամբայ բանալով ոճրագործութեան դատապարտման եւ միջազգայնացման գործընթացին դիմաց, հաստատեց Սիմոնեան:
Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոն նշեց, որ Ուրուկուէյ թէեւ պաշտօնական դիրքորոշում չէ որդեգրած Լեռնային Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ, բայց եւ այնպէս մեծապէս հետաքրքրուած է նպաստելու խաղաղութեան հաստատման գործընթացին: Ան դիտել տուաւ, որ դիւանագիտական կառոյցները պէտք է նպաստեն, որ հարցը լուծուի առանց արիւնահեղութեան, խաղաղ միջոցներով:
Օրիքօ ներկաներուն ներկայացուց Ուրուկուէյի ժողովրդավարական հիմքերը, պատմութիւնը, աւանդութիւններն ու առանձնայատկութիւնները: Ան կոչ ուղղեց ուսանողներուն՝ երբեք առիթ չտալու, որ ուրիշներ իրենց տեղ որոշում տան:
«Պէտք է ընտրել գիտակցելով, միայն այն ատեն երջանիկ կ՛ըլլաք: Մարդ երջանիկ կ՛ըլլայ, երբ յետադարձ հայեացք նետելով ինքնիրմէ գոհ կ՛ըլլայ ու կը ճանչնայ ինքզինք: Երբեք մի դաւաճանէք իւրաքանչիւրին  մէջ գոյութիւն ունեցող մանուկին», եզրափակեց ան: Խորխէ Օրիքօ չուզեց մենաբանել Ուրուկուէյի պատուիրակութեան Լեռնային Ղարաբաղ տուած այցելութեան լոյսին տակ Ատրպէյճանի կողմէ հրապարակուած բողոքագիրին գծով իր կեցուածքը: Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին Ուրուկուէյի համար:



«Կը հասկնանք, որ այլ ժողովուրդներ եւս ունին
ինքնորոշման իրաւունք»,  ԼՂՀի մէջ հաստատեց Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահը

14 Նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ  տեղի ունեցաւ արցախցի խորհրդարանականներուն հանդիպումը  ճանաչողական այցելութեամբ Արցախ գտնուող Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Օրիքօ, տարբեր նիւթերու կողքին, յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Ուրուկուէյի մէջ կ՛ընդունին եւ կը հասկընան, թէ այլ ժողովուրդներ եւս ինքնորոշման օրինական փափաք ունին։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան անդամներ, գերագոյն դատարանի նախագահը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, պետական եւ հանրային կառավարման այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Ազգային ժողովի աշխատակազմի անդամներ եւ լրագրողներ:
Հանդիպումին բացումը կատարելով՝ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան երկրի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս Ազգային ժողովին անունով ջերմօրէն ողջունեց Խորխէ Օրիքոյին եւ անոր գործընկերներուն՝ պատգամաւորներ Ռուբէն Մարտինես  Ուելմոյին, Տանիէլ Ռատիոյին, Ռիքարհօ Փլանշոնին, Ռիչըրտ Սանտերսին եւ անոնց ընկերակցողներուն այցելութիւնը:
Յիշեցման կարգով յայտնելով, որ Խորխէ Օրիքօն կը ներկայացնէ Լատինական Ամերիկայի մէջ  գտնուող հեռաւոր երկիր ու ժողովուրդ մը, որ շուրջ մէկ դարու բարեկամական սերտ կապեր եւ առնչութիւններ ունի հայ ժողովուրդին հետ՝ Ազգային ժողովի նախագահը ըսաւ. «Խորը երախտագիտութեան զգացումով միայն պէտք է նշել, որ Ուրուգուայն աշխարհի առաջին երկրներից էր, որը,  առաջնորդուելով զուտ մարդասիրական սկըզբունքներով, առանձնայատուկ հոգածութեամբ ապաստան տուեց անցեալ դարասկզբին՝ 1915 թուականին, Օսմանեան Թուրքիայում տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ճիրաններից մազապուրծ մեր հազարաւոր հայրենակիցներին, նրանց հնարաւորութիւն տալով իր հիւրընկալ հողում նոր կեանք կերտելու, ապահով ու արժանավայել ապրելու համար: Յուրախութիւն մեզ, այսօր Ուրուգուայի հոծ հայկական համայնքը երկրի սոցիալ-տնտեսական ու մշակութային կեանքի զարգացման ու պետականութեան ամրապնդման բաւական գործուն դերակատարներից մէկն է, ինչի մասին տարբեր ժամանակներում բազմիցս գոհունակութեամբ նշել են Ուրուգուայի Արեւելեան Հանրապետութեան ղեկավարները, հասարակական ու քաղաքական գործիչները»:
Ա. Ղուլեան նաեւ շեշտեց, որ Ուրուկուէյը աշխարհի առաջին երկիրն է, որ 1965 թուականին պետականօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ այսպիսով փաստօրէն սկիզբ դնելով 20րդ դարուն  մարդկութեան դէմ կատարուած այդ մեծագոյն ոճրագործութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին:
Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահը իր կարգին նշեց, որ իրեն եւ իր գործընկերներուն համար շատ հաճելի է գտնուել  Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր խորհրդարանին մէջ, ուր իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութիւնը պարտաւորեցնող է: Խորխէ Օրիքոն հանգամանալից կերպով ներկայացուց իր երկրի աշխարհագրական եւ աշխարհաքաղաքական դիրքը, բնակչութեան թուային ու ազգային կազմը: Յատուկ կերպով անդրադառնալով երկրի հայկական համայնքին՝ ան յայտնեց, որ հայերը դէպի Ուրուկուէյ գաղթելու սկսած են նախորդ դարու սկիզբները՝  1915 թուականէն ի վեր, Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք։ Անոր համաձայն, Ուրուկուէյը աշխարհի այն տասնմէկ երկիրներէն է, որ 1920ին կողմ քուէարկած է Ազգերու Լիկա Հայաստանի ընդունման։  Ան հաստատեց, որ այս մէկը լաւ փաստ է հայութեան նկատմամբ իրենց ունեցած վերաբերումին, որ կու գայ նախնիներէն եւ իբրեւ պատգամ կը փոխանցուի յաջորդող սերունդներուն։
«Այն հանգամանքը, որ 1965ին Ուրուկուէյը օրէնքի ուժով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկութեան մէջ մեր նախնեաց պատգամն էր, զոր կեանքի կոչեցին յաջորդող սերունդները: Եւ ամէն տարի՝ Ապրիլ 24ին, մենք կը հաւաքուինք մեր ժողովրդավարութեան պալատին մէջ՝ խորհրդարանին մէջ ու կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մէկը կը կատարենք իբրեւ դրսեւորում՝ նահատակներու յիշատակին նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքին», յայտնեց Օրիքօն։  Ան դիտել տուաւ, որ Ուրուկուէյի խորհրդարանականներուն նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէյի մէջ բացումը պիտի կատարուի  Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին։
«Մենք խաղաղութեան երկիր ենք եւ խաղաղութեան առաքելութեամբ հոս եկած ենք։ Թէեւ փոքր ազգ ենք, բայց միշտ ազատ զգացած ենք մենք մեզ եւ կը հասկնանք, որ այլ ժողովուրդներ եւս ունին ինքնորոշման իրաւունք ու կայ միջազգային դատարան, որ կրնայ լուծել բոլոր հակասութիւնները: Մենք միշտ կը մտածենք, որ հարցերու լուծման ուղին ազատութիւնն է, որուն կողմնակից եղած ենք միշտ», յայտնեց ան։ Խ. Օրիքօն դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր կացութիւն ունի իր ինքնուրոյն պայմանները եւ բոլորին համար հասկնալի է, թէ ինչ իրավիճակ կը տիրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
«Մենք քաջ կը գիտակցինք, թէ ի՛նչ իրավիճակ կը տիրէ հոս, ուր կը գտնուինք այսօր:  Մեր հանրապետութիւնը առայժմ պաշտօնական դիրքորոշում չէ որդեգրած այս առնչութեամբ, բայց մեր մօտ ոչ ոք կը հակադրուի հոս տիրող իրողութեան։  Մենք կողմնակից ենք հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման եւ պատրաստակամ ենք համագործակցելու այն բոլոր հարցերուն գծով, որոնք կը միտին հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման», հաստատած է Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահը:
Իր խօսքի աւարտին՝ վերստին շնորհակալութիւն յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղ գտնուելուն համար՝ մեծ պատիւ ու յարգանք նկատելով այդ այցելութիւնը, Խ. Օրիքօն նշեց, որ շրջան եկած են զուտ խաղաղութեան առաքելութեամբ՝հաստատելով. «Եթէ մեր կարիքը ունենաք, ապա մենք պատրաստ ենք ձեզի աջակցելու»: