Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը ուսման վարձավճարներու, կրթաթոշակներուեւ ընդհանրապէս ուսանողները հետաքրքող այլ հարցերու հետ կապուած խնդիրներու լուծումը պահանջելով՝ բողոքի երթ մը կազմակերպեց երէկ Նոյեմբեր 15-ին:
Բողոքի մասնակիցները կառավարութեան յանձնեցին պահանջները ամփոփող եւ առաջարկներ ներկայացնող ուղերձ մը: Ուսանողները իրենց պահանջքներուն կողքին բարձրաձայնեցին նաեւ դասախօսներու իրաւունքներու հարցեր, ինչպիսին էր արժանապատիւ աշխատավարձքի հարցը:
Ցոյցը խաղաղ էր եւ հակառակ որ որոշ ԲՈՒՀերու մէջ փորձուեցաւ կանխարգիլել ուսանողներու մասնակցութիւնը ցոյցին, ներկայ-բացակայութեան ստուգումներ պարտադրելով, հետզհետէ անոնք համալրեցին ցոյցի շարքերը: