Հայաստանի 2013ի պետական պիւտճէի քննարկման ժամանակ, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը խորհրդարանը տեղեկացուցած է, որ 2013-ին 436 միլիոն դրամի շնորհիւ նոր դեսպանատուներ պիտի բացուին Մեքսիքոյի, Ինտոնէզիոյ, Վիեթնամի մէջ։
Ընթացքի մէջ է նաեւ Շուէտի մէջ դեսպանատուն բանալու ծրագիրը։
Խորհրդարանականները հետաքրքրուեցան այդ դեսպանատուներու բացման նպատակայարմարութեան հարցով. նախարարը նկատել տուաւ, որ ամէն ինչ հաշուարկուած է։ Ըստ իր խօսքին, այդ երկիրներու հետ սերտ յարաբերութիւններու հաստատումը նաեւ հեռահար նպատակներ ունի, մասնաւորապէս՝ միջազգային տարբեր կառոյցներու մէջ հայանպաստ բանաձեւերու եւ որոշումներու ընդունման առումով։
Նշենք, որ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան 2013 թուականին պիտի տրամադրուի ընդհանուր 10 միլիառ 554 միլիոն դրամ։