ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Հայաստանի մէջ երիտասարդները սկսած են աւելի քիչ խուսափելու պարտադիր զինուորական կամ այլընտրանքային ծառայութենէն, վարժանքներէն կամ զօրահաւաքներէն:
Նման փաստերով յարուցուած քրէական գործերուն թիւը այս տարի՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով, զգալիօրէն նուազած է: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած է Հայաստանի ոստիկանութեան լրատուութեան բաժինի աշխատակից Զարզանդ Գաբրիէլեան: 2012ի ինը ամիսներուն ընթացքին Քրէական օրէնսգիրքի 327 յօդուածի յատկանիշներով յարուցուած է 766 քրէական գործ, որմէ 19ը ուղարկուած է դատարան: «Անցեալ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանում յարուցուել էր 901 քրէական գործ, դրանցից դատարան է ուղարկուել 24ը», տեղեկացուցած է Գաբրիէլեան՝ աւելցնելով, որ մնացեալ պարագաները կա՛մ կը հետախուզուին, կա՛մ արդէն վերադարձած են ծառայութեան:
Ան չկրցաւ ճշգրիտ պատասխան տալ այն հարցումին, թէ այլընտրանքային ծառայութենէ խուսափելու պատճառով քանի հոգի պատասխանատուութեան ենթարկուած է: «327 յօդուածը վերաբերում է եւ պարտադիր, եւ այլընտրանքային զինուորական ծառայութիւնից խուսափողներին, ուստի դժուար է հաշուել, թէ իւրաքանչիւրի համար քանի քրէական գործ է յարուցուել», յայտնած է Գաբրիէլեան:
Կայ նաեւ այն, որ զօրամասերուն մէջ աշխատող մասնագէտները լաւ աշխատանք կը տանին, իբրեւ արդիւնք՝ կը նուազի զինուորական ծառայութենէն խուսափողներուն թիւը: «Հրամանատարական կազմի հետեւողական աշխատանքի արդիւնքում մթնոլորտն աստիճանաբար բարելաւուում է, եւ դա օր օրի նկատելի է: Զօրամասերի մասին սխալ կարծիք ունեցող զինուորներին հակառակը համոզելու համար կազմակերպւում են տարբեր միջոցառումներ, բացատրական աշխատանքներ եւ ցուցադրութիւններ», ըսած է ռազմական փորձագէտ Արկադի Գրիգորեան:
«Անիմա» հոգեբանական կեդրոնի հոգեբան Վիքթոր Վասիլեան եւս ունի այն կարծիքը, թէ սպայական կազմին մէջ նկատելի փոփոխութիւնները կը յանգեցնեն խնդիրի լուծման: «Զօրամասերում կան «չգրուած օրէնքներ», որոնք սպայական բարձր դասի ուշադրութեան արդիւնքում պակասել են, հետեւաբար՝ պակասել են նաեւ խնդիրները: Այս մասին էլ, բնականաբար, տեղեկանում են նախազօրակոչային փուլում գտնուող երիտասարդները», ըսած է Վասիլեան:
Հոգեբանը սահմանային եւ քաղաքային զօրամասերու մէջ ծառայողներուն միջեւ նկատած է հսկայական տարբերութիւն, որ առնչուած է անով, որ սահմանային զինուորները աւելի ջղագրգիռ ու լարուած կ՛ըլլան։ «Հէնց այս պայմաններում էլ ծնւում են ընկերասիրական յատկանիշները, ինչը քաղաքային զօրամասերում պակասում է: Այստեղ աւելի շատ փակ հասարակութիւն է, սա էլ ինչ-որ չափով վատ ուղղութեամբ էր զարգանում», նշած է Վասիլեան՝ աւելցնելով, որ անոնք անազատ միջավայրի մէջ են, սակայն վտանգի գործօնը նուազ տիրական է: Քաղաքային զօրամասերուն մէջ ծառայողները իրենք զիրենք բանտարկուած կը զգան, եւ հոն կը զարգանան «չգրուած օրէնքները»: Այժմ պատկերը այլ է. բանտարկուածի հոգեբանութիւնը արդէն սկսած է նուազելու։
Հոգեբանը նկատել տուած է նաեւ, որ այլընտրանքային ծառայութեան պարագային առկայ է այլ գործօն մը: Անոնք ընդհանրապէս կը խուսափին ծառայութենէն՝ իրենց հովիւի ազդեցութեան պատճառով: «Յստակ աղանդաւորների խնդիրը զօրամասերում մի փոքր այլ է: Նրանք հիպնոզացուած վիճակում են եւ գտնւում են իրենց հովուի ազդեցութեան տակ: Իսկ հովիւն արգելում է գնալ ծառայութեան, քանի որ վախենում է՝ կը թուլանայ իր ազդեցութիւնը տղաների նկատմամբ», եզրափակած է Վիքթոր Վասիլեան:
Երիտասարդ լրագրող Յակոբ Վարդանեան, որ վերջերս վերադարձած է պարտադիր զինուորական ծառայութենէն, կը հաւատայ, որ ծառայութիւնը կը նպաստէ նպատակասլացութեան, դժուար իրավիճակներու մէջ կողմնորոշուելու յատկանիշներու զարգացման եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու ճիշդ ընկալման: Ծառայութիւնը երբեք չէ խանգարած զայն: «Ճիշդ հակառակը՝ այնտեղ ձեռք բերած մի քանի յատկութիւնների շնորհիւ նպաստել է, որ կեանքում եւ մասնագիտական գործունէութեան մէջ աւելի արագ եւ ճիշդ կողմնորոշուեմ», վստահեցուցած է Յակոբ: Ան չ՛ընդունիր այն երիտասարդները, որոնք տարբեր պատրուակներով կը խուսափին ծառայութենէն՝ հայրենիքի պաշտպանութիւնը եւ սահմաններու ամրացումը ձգելով բախտի քմահաճոյքին: «Ինձ համար խորթ է տղաների նման մտածելակերպը, եւ ես չեմ ընդունում պարտականութիւններից խուսափող քարացած սկզբունքները: Այս ուղղութեամբ ես ունեմ միայն մէկ սկզբունք՝ ծառայել եւ կատարել հայրենիքի պարտքը, հարկ եղած դէպքում զէնք վերցնել, եթէ դա հայրենիքի պաշտպանութեան համար է», եզրափակած է Յակոբ: