Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հետ կապուած Ատրպէյճանի հերթական յայտարարութեան վերաբերեալ Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ աշխարհի մէջ գործող բոլոր օրէնսդրական եւ բարոյական չափանիշերը ուղղակիօրէն կ՛արգիլեն ուժ կիրարկել քաղաքացիական փոխադրամիջոցներու, որոնց շարքին‘ օդանաւերու նկատմամբ:
Սակայն, Յովհաննիսեան վերապահ է, քանի վստահ չէ, թէ Ատրպէյճան կը հասկնայ այդ օրէնքները կամ բարոյական չափանիշերը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էլտար Սապիրօղլու Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման վերաբերեալ Չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ գոյութիւն ունի Շիքակոյի դաշինք‘ քաղաքացիական օդանաւորդութեան մասին: Երկրորդ՝ ան նշած էր, որ պէտք է հաշուի առնել, որ մենք ներկայիս կը գտնուինք պատերազմական իրավիճակի մէջ եւ երրորդ՝ եթէ հայերը դիմեն այսպիսի քայլի մը, ապա պիտի ստանան համարժէք պատասխան, այսինքն՝ Ատրպէյճանի բանակը պիտի կատարէ իր վրայ դրուած պարտաւորութիւնները:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբերին, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան լաւագոյնս ներկայացուցած է դէպքերուն ատրպէյճանական սպառնալիքներուն ակնարկուող պատահելիքին զարգացման պարագային հայկական կողմի պատասխանը, այն է՝ հայկական կողմը եւս ի վիճակի է ոչընչացնել դէպի Պաքու ուղղուող օդանաւերը:
Վերջերս Յակոբեան յայտարարեց, որ հակառակորդը փաստացիօրէն ի վիճակի է հարուածելու քաղաքացիական օդանաւերը, քանի որ կը տիրապետէ այսպիսի զէնքի:
«Բայց կը ցանկամ նշել, որ մենք ալ նոյնը կրնանք ընել եւ կործանել Պաքու մեկնող օդանաւերը, թէեւ երբեք մեզի նման կարգի յայտարարութիւններ թոյլ չենք տուած», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը՝ աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը այս տարի արդէն ուղեկցած է 2226 օդանաւերու դէպի Ատրպէյճանի տարածք:
Յակոբեան նշեց, որ կարելի էր այդքան օդանաւեր կործանել: