Հայրենի «Հրապարակ» թերթը հրապարակումներ կատարած էր, հաղորդելով թէ անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նիստին ժամանակ՝ ՀՅԴ-ն որոշած է հետեւեալները.
ա) Ստեղծուած քաղաքական-հասարակական պայմաններուն մէջ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցի սեփական թեկնածուով,
բ) Պոյքոթի պիտի չենթարկէ ընտրութիւնները. եթէ «բնականոն», իր գաղափարական գիծին համապատասխան թեկնածու եղաւ, պիտի պաշտպանէ, եթէ ոչ՝ առանց պոյքոթի մասին բարձրագոչ յայտարարութիւններու պիտի չմասնակցի:
«Երկիր» յստակացնելու համար հարցը՝ կապ հաստատեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանին հետ, հարց տալով թէ արդեօ՞ք տեղեկութիւնները կը համապատասխանեն իրականութեան, եւ միթէ՞ ՀՅԴ-ն արդէն որոշում տուած է:
Աղուան Վարդանեան յայտարարեց՝
ա) ՀՅԴ-ն նախագահական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան ձեւաչափին վերաբերեալ որեւէ որոշում առայժմ չունի:
բ) ՀՅԴ-ն յառաջիկային հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ ձեւակերպուած պիտի ըլլան Հայաստանի պետականութեան առջեւ դրուած հիմնարար խնդիրները, եւ այդ խնդիրները պիտի դրուին քաղաքական օրակարգին վրայ, քննարկուին հասարակութեան լայն շերտերու եւ քաղաքական ուժերուն հետ:
«Եւ միայն այդ հարցերու քննարկումէն ետք մենք պիտի անդրադառնանք մասնակցութեան մեր ձեւաչափին: Բազմիցս ըսած ենք, որ այդ լիազօրութիւնը վերապահուած է ՀՅԴ Գերագոյն ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբերին», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:
Ան նաեւ թերթերուն եւ կայքէջերուն խորհուրդ տուաւ սխալ տեղեկութիւններով չառաջնորդուիլ. ՀՅԴ-ն այն քաղաքական ուժն է, որ իր որոշումը կու տայ ինքնուրոյն եւ անկախ կերպով: