ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 30 Հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ սկսաւ 2013 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումները: Այս առիթով «Երկիր»ը զրոյց մը ունեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի հետ: Պատգամաւորը ներկայացուց արդէն իսկ կատարուած կարգ մը մատնանշումներ։
«Առաջին արձանագրումը հետեւեալն է, որ բիւջէի նախագիծը համարձակ չէ եւ միտուած չէ այն մարտահրաւէրների լուծմանը, որոնց առջեւ կանգնած է մեր երկիրը: Օրինակ՝ այս պահին ամենաարտայայտիչ մարտահրաւէրը Հայաստանում աշխատատեղերի ստեղծումն է, որին պետբիւջէն, կարծես, մասնակցութիւն չունի, եւ աղերս չկայ այս նախագծում աշխատատեղերի ստեղծման մօտեցման հետ», նշեց Արծուիկ Մինասեան։
Ան դիտել տուաւ, որ հասարակական աշխատանքներուն համար կատարուող ծախսերը 2013 թուականի պիւտճէով գրեթէ չկան: Այսինքն, պետութիւնը, ըստ էութեան, իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ ժամանակաւոր աշխատատեղերու ստեղծման գործին:
Միւս ժխտական կէտը, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, այն է, որ կարելի չէ ըսել, թէ այս պիւտճէի նախագիծը կրնայ նպաստել կենսամակարդակի բարձրացման:
«Ընդհակառակը՝ աշխատավարձերը չեն բարձրացւում, նպաստները, թոշակները նոյն մակարդակով պահպանւում են, ինչը մեզ թոյլ է տալիս մտածելու եւ եզրայանգելու, որ յաջորդ տարի ազգաբնակչութեան կենսամակարդակն աւելի ցածր է լինելու, քան 2012 թուականին: Որովհետեւ գնաճն ինքնին կայ, եւ եթէ չկան դրան համարժէք բարձրացումներ, ստացւում է, որ մենք դոփելու ենք տեղում, եթէ չասենք, որ հետ ենք գնալու», պարզաբանեց պատգամաւորը:
Ժխտական մատնանշումներէն մէկն է նաեւ այն, որ եկամտային քաղաքականութեան մէջ աւելի շատ պատրանք է, քան, ըստ էութեան, եկամուտներու հարկման գործընթաց: Մասնաւորապէս գործնական չեն «Եկամտային հարկի մասին» 2013 թուականի Յունուարի 1էն գործադրութեան դրուելիք նոր օրէնքին պայմանները, որոնց համաձայն, նուազագոյն աշխատավարձը հարկի ենթակայ է, իսկ երբ կը փոխուին դրոյքաչափերը, այս պիտի նշանակէ տնտեսական-ընկերային վիճակի յաւելեալ անկում, քան աշխուժացում:
«Էլ աւելի վատ վիճակ է լինելու ժողովրդագրական տեսակէտից, որովհետեւ բիւջէի նախագիծն ու ժողովրդագրական քաղաքականութեան հայեցակարգն իրար հետ բացարձակապէս աղերս չունեն: Եւ աւելին՝ նոր նախագծով կանխատեսւում է ծերացման մակարդակի խորացում եւ այլն», նշեց Արծուիկ Մինասեան:
Ամփոփելով այս բոլորը՝ պատգամաւորը նշեց, որ 2013 թուականի պիւտճէի նախագիծը Հայաստանի տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներուն մէջ յառաջդիմելու ու բարելաւուելու ոչ մէկ նախադրեալ կամ մղիչ ուժ ունի։