Ինչպէս նախօրոք հաղորդած էինք, Հայաստան անջըրպետի մէջ պիտի ունենայ իր սեփական արբանեակը, որուն պատրաստութիւնները՝ ստորագրուած համաձայնագրով, պիտի սկսին շուտով։
Հայաստան անջրպետի մէջ ունենալով իր սեփական արբանեակը, նոր հորիզոններ պիտի բանայ երկրի անվտանգութեան, գիտութեան, հեռակապակցութեան թէքնիքագիտութեան զարգացման կալուածներէն ներս։ «Ռոսգոզմոս» հիմնարկութեան տնօրէն Վլատիմիր Փոփովքին այս առիթով, ընդունած է Հայաստանի Հաղորդակցութեան նախարար Գագիկ Պէկլարեանի այն նախաձեռնութիւնը, ըստ որու, Հայ տպագրութեան 500-ամեակին առիթով, Հայոց Այբուբենը պիտի ղրկուի անջրպետ։
Այս ծրագիրը պիտի իրականացուի այսօր, 31 Հոկտեմբերին, ռուսական անջրպետանաւուն կողմէ կատարելի թռիչքին ընթացքին։