Պաքուն պարզաբանում կը պահանջէ Աւստրալիայէն

«Պատգամաւորները հայկական լոպպիի պատւէրն են կատարում»:
Այսպէս կը հաւատայ Ատրպէյճան, որ  խիստ զայրացած է Աւստրալիայի ամենամեծ նահանգի Նոր Հարաւային Ուէյլզի խորհրդարանի վերին պալատի Օրէսնդիր խորհուրդին կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող բանաձեւով:


Ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էլման Աբդուլաեւը յայտարարեց, թէ պարզաբանումներ ստանալու համար Պաքուն պաշտօնական դիմում պիտի  ներկայացնէ Աւստրալիայի իշխանութիւններուն։
Ան կը պնդէ, որ պաշտօնական Քանպերան երբեւէ կասկածի տակ չէ առած Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը։
Ըստ APA-ի, օրինագիծը ներկայացուցած է հայամետ պատգամաւոր Մարի Ֆիկարոն։
«Դժբախտաբար, նահանգի օրէնսդիր մարմնի որոշ պատգամաւորներ իրենց շահերէն ելլելով, հայկական լոպպիի պատուէրը կը կատարեն: Այս բանաձեւը ոչ մէկ պարագային չարտայայտեր Աւստրալիայի ֆետերատիւ իշխանութեան տեսակէտը։ Աւստրալիայի կառավարութիւնը բազմիցս է իր քաղաքացիներուն յորդորած է չայցելել գրաւուած Լեռնային Ղարաբաղ», - ըսած է խօսնակ Աբդուլաեւը։

«Ճանաչումը նոր փուլի մէջ կը մտնէ»

Ճանաչման նիւթը մեկնաբանեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը։ Ստեփանակերտի մէջ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի թղթակից Լուսինէ Մուսայէլեանի հետ զրոյցին ընթացքին ան շատ բարձր գնահատեց այդ փաստը։ «Սա, իհարկէ, շատ մեծ իրադարձութիւն է ե՜ւ քաղաքական, ե՜ւ բարոյական առումով։ Փաստօրէն, Արցախի անկախութիւնը ճանաչւում է արեւմտեան աշխարհի կողմից», - ըսաւ Դաւիթ Բաբայեանը։
Ըստ անոր խօսքերուն, Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգը սոսկ վարչական միաւոր չէ Աւստրալիայի մէջ։ Այդ նահանգը ժամանակակից Աւստրալիայի կորիզն է, Աւստրալիայի անկախացումը եւ ձեւաւորումը սկսած է Նոր Հարաւային Ուէյլզէն, որու շուրջ միաւորուած են մնացած նահանգները։ Մայրաքաղաք Քանպերան այնտեղ է, թէեւ այն ունի դաշնային կարգավիճակի մայրաքաղաք։
«Մեր հանրապետութեան ճանաչման գործընթացը նոր որակ է ստացել, մտել է որակական նոր փուլ։ Եւ եթէ այն ճանաչում է Աւստրալիայի կարեւորագոյն նահանգներից մէկը, ապա հետագայում կը ճանաչեն նաեւ այլ նահանգներ, այլ պետութիւններ», - ըսաւ Դաւիթ Բաբայեանը։ Նախագահ Բակօ Սահակեանի խօսնակը ընդգծեց, որ ճանաչումը հնարաւոր  դարձաւ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի համատեղ ջանքերով։ Ան նշեց նաեւ, որ այս հարցով շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ՀՅԴ-ն։

 

ԼՂՀ Նախագահը
Շնորհակալութիւն
Յայտնած Է Աւստրալիոյ
Նոր Հարաւային Ուէյլզ
Նահանգին Եւ Հայ Դատի Յանձնախմբին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգին ԼՂ անկախութեան ճանաչման եւ Հայ դատի յանձնախումբին այդ գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ին՝ կը տեղեկացնէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը: Կառոյցի գործադիր տնօրէն Վահէ Ղարհրամանեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին ԼՂՀ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է յանձնախումբին ներդրած ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգ Նոր Հարաւային Ուէյլզը ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են ԼՂՀ ճանաչման ուղղուած գործընթացին: Մենք համոզուած ենք, որ նախապէս ԼՂՀ աջակցման ուղղուած ջանքերը եռանդով պիտի շարունակուին նաեւ ապագային: Նման գործողութիւնները ոչ միայն կը լուծեն Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի հարցը, այլ նաեւ զգալիօրէն կը ներգործեն՝ բարձրացնելու մեր քաղաքացիներու բարոյական վիճակը»,-շեշտած է Բակօ Սահակեան:
Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վահէ Ղահրամանեան նախագահ Սահակեանին հաւաստիացուցած է, որ «Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը եւ իր մասնաճիւղերու ցանցը պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը՝ հասնելու ԼՂ անկախութեան ճանաչման»: «Ղարաբաղը մշտապէս մեր մտքին մէջ է եւ հայ-աւստրալական համայնքը աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ԼՂՀ կառավարութեան եւ անոր հպարտ ժողովուրդին»,- ըսած է Ղահրամանեան:

 

ԼՂՀ Ազգային Ժողովի արձագանգը աւստրալիական նահանգի՝
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ նրա հայ բնակչութեան
ինքնորոշման իրաւունքը ճանաչող բանաձեւի առթիւ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ազգային ժողովի խմբակցութիւնների
եւ պատգամաւորական խմբի
ՈՒՂԵՐՁԸ
Աւստրալիայի Միութեան Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի վերին պալատին՝
Օրէնսդիր խորհուրդին


 Մենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնում երախտագիտութեան խորը զգացողութեամբ տեղեկացանք օրերս ձեր կողմից ընդունուած բանաձեւի մասին, որով ճանաչւում է բոլոր ժողովուրդների, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, ինքնորոշման իրաւունքը:
Աւելի քան 20 տարի է, ինչ մեր ժողովուրդն իր ինքնիշխանութիւն է հաստատել պատմական բնօրրանում ու ձգտում է ժողովրդավարական համընդհանուր նորմերով առաջնորդուող իր պետութեան միջազգային ճանաչման, ազատ եւ ինքնիշխան ժողովուրդների ընկերակցութեան մէջ իր արժանի տեղին:
Համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը կարեւորագոյն եւ վճռորոշ դեր կը խաղայ ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում, կը նպաստի տարածաշրջանում տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան  հաստատմանը։
Ձեր ընդունած բանաձեւը մեզ յոյս է ներշնչում, որ Աւստրալիայի դաշնային իշխանութիւնները, արձագանքելով Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի նախաձեռնութեանը, նոյնպէս կը դիմեն համարժէք քայլի՝ հիմք ընդունելով ժողովուրդների ազատ ինքնորոշման իրաւունքի գերակայութիւնը:
Ողջունելով ձեր ընդունած բանաձեւը, մենք յոյս ենք յայտնում, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Աւստրալիայի Միութեան իշխանութիւնների միջեւ տեսանելի ապագայում կը ձեւաւորուեն միջպետական կապեր` ի շահ միջազգային յարաբերութիւններում արդարութեան հաստատման, ժողովուրդների ազատ ինքնորոշման իրաւունքի անվերապահ իրացման:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի
«Հայրենիք» խմբակցութիւն - «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւն - «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն- «Արցախատուն» պատգամաւորական խումբ

ք. Ստեփանակերտ - 27 Հոկտեմբերի, 2012թ.