Ցուցահանդէսի կայացումը կը համընկնի
Հայ ոսկերիչի ազգային օրուան (Հոկտեմբեր 28) եւ միութեան ստեղծման 15ամեակին
«Արմէնիա Մարիոթ» պանդոկին մէջ 29 Հոկտեմբերին բացումը կատարուած է ոսկերչական իրերու միջազգային ցուցահանդէսին՝ կազմակերպութեամբ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան (AJA):
Ցուցահանդէսին բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին 60է աւելի ոսկերիչներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ՝ Ռուսիայէն, Թայլենտէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Լիբանանէն, Հոնկ Քոնկէն, Սուրիայէն,
Ֆրանսայէն եւ այլն։ Յունաստանէն կը մասնակցի Գէորգ Գոլանեանի «Օրոֆասմա» ընկերութիւնը:
Ցուցահանդէսին իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ հայաստանցի ոսկերչները։ Այս առիթով Երեւան ժամանած են ոսկերիչներ Թուրքիայէն եւս։
Ցուցադրութեան դրուած են գեղեցիկ իրեր, վարպետութեամբ պատրաստուած գործեր, հիանալի գոհարեղէններ:
Ըստ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան ղեկավար Գագիկ Գէորգեանի, Հայաստանի մէջ ոսկերչութիւնը զարգացման մեծ կարողականութիւն ունի եւ արդէն կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ տարի այս բնագաւառին վերաբերող նոր աշխատատեղեր բացուին։ Իր խօսքերուն համաձայն, հայ ոսկերիչներու վարպետութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, սակայն տակաւին բարելաւելու կարիք կայ: «Շատերն են ցանկանում Հայաստանում գործ հիմնել: Ես ընկերներ ունեմ Հնդկաստանից, որ այսօր էլ պատրաստ են Հայաստան գալու, բայց դրա համար պէտք է պայմաններն լինեն», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Գ. Գէորգեանը։ Ան յատկապէս կարեւոր նկատած է ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծումը եւ շէնքային պայմաններու ապահովումը: