Շաբաթ օր Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի առաջին հանդիպումը՝ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի հետ կապուած յայտնի իրադարձութիւններէն ետք:
Նախ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէի, Իկոր Փոփովի, Ժաք Ֆորի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի մասնակցութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ համանախագահները ընդգծեցին կողմերուն մէջ լարուածութեան նուազեցման կարեւորութիւնը: Իբրեւ աշխատանքային առաջարկ, անոնք ներկայացուցին իրենց գաղափարները՝ խաղաղ լուծման հոլովոյթը առաջ մղելու նպատակով:
Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, նախարարները վերահաստատեցին իրենց վճռականութիւնը՝ շարունակելու համանախագահներուն հետ միացեալ աշխատանքը, խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով: Նախարարները եւ համանախագահները համաձայնեցան այդ գաղափարներուն շուրջ քննարկումները շարունակել համանախագահներու Նոյեմբերին շրջան կատարելիք այցելութեան ընթացքին: