Շաբաթ օր Հայաստանի Ազգային ժողովի բակին մէջ 27 Հոկտեմբեր 1999-ի ոճրային արարքին ընթացքին սպաննուած պետական ութ գործիչներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցած յիշատակման արարողութենէն ետք
լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ թուականին ոճիր էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ, եւ եթէ կան մարդիկ, որոնք կանգնած եղած են այդ ոճիրին ետին, անոնք պէտք է յայտնաբերուին եւ պատժուին: «Եթէ կան որոշ թաքնուած դէպքեր, պէտք է յայտնաբերուին», ընդգծեց Աբրահամեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ չի դադրիր քննադատութիւնը իշխանութիւններու հասցէին, որ անցած 13 տարիներուն ընթացքին անհրաժեշտ ջանքեր չեն գործադրուած եւ չեն գործադրուիր ոճիրի կազմակերպիչները բացայայտելու եւ պատժելու համար, Ազգային ժողովի նախագահը ըսաւ. «Համամիտ չեմ, որ ջանք չէ գործադրուած… նոյնիսկ այնպիսի մարդիկ ներգրաւուած եղած են այդ հոլովոյթներուն մէջ, որ իրօք շատ շահագրգիռ եղած են, որ բացայայտեն մինչեւ վերջ: Համամիտ չեմ, որ կան մարդիկ, որոնք չեն ուզեր, որ հարցը մինչեւ վերջ բացայայտուի»:
«Ատիկա մեր ազգի, մեր պետութեան, մեր ժողովուրդի պատիւն է, որ մինչեւ վերջ բացայայտուի: Եթէ կան մարդիկ, որոնք մինչեւ այսօր յայտնաբերուած չեն, թող յայտնաբերուին», աւելցուց խորհրդարանի նախագահը: