Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Էլմար Մամետիարով վաղը 27 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ պիտի ունենան հանդիպում մը՝  ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն մասնակցութեամբ:


Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեանի համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուելիք առաջին հարցը ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման եւ ներման դէպքին հասցուցած վնասն է եւ կատարուածէն դուրս գալու ուղիներ փնտռելը: «Սաֆարովի դէպքէն ետք կարելի չէ ձեւացնել, որ ոչինչ տեղի ունեցած է, եւ որ կարելի է շարունակել նոյն ոգիով», հաստատած է ան:
ՆԱԹՕ-ի դասընթացքներուն մասնակցող հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն կացինահարած ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումէն եւ անոր ներում շնորհելէ ետք ասիկա պիտի ըլլայ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կայանալիք առաջին հանդիպումը: