Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ միասին Հոկտեմբեր 24-ին մասնակցած է Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու յիշատակը յաւէրժացնող յուշահամալիրի բացման նուիրուած ձեռնարկին:

Այս մասին հաղորդած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի  տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է  մեր հանրապետութեան տարբեր բնակավայրերու մէջ նման կառոյցներու առկայութիւնը՝ թէ՛ մատաղ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան, թէ՛ ազգային արժէքներու պահպանման տեսանկիւնէն:
Երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են յուշահամալիրի կառուցման աշխատանքներուն՝ նշելով, որ այդպիսով անոնք իրենց արժանի աւանդը կը բերեն հայրենի երկրի զագացման ու բարգաւաճման:
Ձեռնարկին մասնակցած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, պաշտօնատար այլ անձինք եւ հիւրեր Հայաստանէն:
Երկու նախագահները մէկ օր առաջ հետեւած էին բանակի ռազմափորձերուն: Ռազմափորձերու աւարտէն ետք նախագահները պարգեւներ յանձնած են  փորձերուն աչքի ինկած զինուորներուն:
Ապա նախագահները քննարկած են  երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր:
Նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան անդրադարձ կատարած են նաեւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, բանակաշինութեան եւ շրջանային հոլովոյթներուն: