ՀՀ վարչապետի բարձր հովանիին տակ կազմակերպուող ԱրմԹեք12 բարձր արհեստագիտութեան հինգերորդ գործարար համաժողովը կը կայանայ 2012թ. Դեկտեմբեր 10-11-ին ԱՄՆ-ի Սթենֆորդի համալսարանէն ներս:
ԱրմԹեքը ՀՀ Կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ որպէս բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի գործարար համաժողով, որը նպատակ ունի աջակցիլ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման՝ խթանելով միջազգային գործարար կապերու ամրապնդումը եւ ներդրումներու աճը:
ԱրմԹեք12-ին կը մասնակցին տարբեր երկիրներու կառավարութիւններու ներկայացուցիչներ, արհեստագիտութեան գործարարներ, ինչպէս նաեւ հեղինակաւոր համալսարաններու, գիտահետազօտական կեդրոններու եւ ոլորտը ներկայացնող միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ Հայաստանէն, ԱՄՆ-էն, Եւրոպայէն, ԱՊՀ-էն եւ այլ երիկրներէն: ԱրմԹեք Գոնկրես 2012-ը հնարաւորութիւն կու-տայ նաեւ յայտնաբերել նոր գործարար եւ ներդրումային հնարաւորութիւններ, ստեղծել նոր կապեր եւ մասնագիտական ընդլայնուած ցանց: Հեղինակաւոր բանախօսներու մասնակցութիւնը նոր որակ կր հաղորդէ համաժողովին, ինչպէս նաեւ կը բարձրացնէ հետաքրքրութիւնը արագ զարգացող հայկական ՏՏ եւ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտներու հանդէպ:
Համաժողովի լիագումար նիստերու ընթացքին պիտի ըլլան ելոյթներ հետեւեալ նիւթերով.- Բարձր արհեստագիտութեան ոլորտը եւ ծառայութիւնները, Հայաստանի գործարար միջավայրը, հետազօտութիւններ, նորարարութիւն եւ կադրերու պատրաստում, հետագայ յաջողութեան գրաւականները, համաժողովին կրնան մասնակցիլ. Բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի գործարարներ եւ մասնագէտներ, օտարերկրեայ ներդրողներ, կառավարական մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, միջազգային առեւտրային գործունէութեամբ զբաղուող ընկերութիւններու ղեկավարներ։ Մանրամասն տեղեկութիւններու եւ մասնակցութեան գրանցման համար այցելէք
www.armtechcongress.com