Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած էր՝ առաջարկելով փոփոխութիւններ կատարել կենսաթոշակներու մասին օրէնքին մէջ: Այս օրէնքին համաձայն, եթէ մարդը կը բացակայի հանրապետութենէն, վերադառնալէն ետք իրաւունք ունէր ստանալ իր վերջին երեք տարուան կենսաթոշակը ամբողջութեամբ:

Կառավարութիւնը բացասական
եզրակացութեան արժանացուց հարցը

Սակայն կառավարութիւնը այս տարուան գարնան փոխեց դրոյթը եւ երեք տարին դարձուց մէկ տարի, ինչ որ մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց քաղաքացիներուն մօտ:
Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան պարզաբանեց,  որ խօսքը մօտաւորապէս տարեկան 5500-6000 մարդու կը վերաբերի:
ՀՅԴ-ն փորձեց վերադարձնել նախկին դրոյթը, որպէսզի մարդոց վիճակը չվատթարանայ: Դժբախտաբար, կառավարութիւնը բացասական եզրակացութեան արժանացուց հարցը՝ երկու հիմնաւորումով՝ թէ իրենք քաղաքականութեան սկզբունքներ ունին եւ առաջնահերթութիւն կու տան Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացիներուն: Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ ինք այսպիսի սկզբունք որեւէ տեղ չէ տեսած, բայց եթէ ատիկա սկզբունք է եւ արձանագրուած, ապա ինչո՞ւ այդ մէկ տարին ալ կու տան: Երկրորդ հիմնաւորումը այն է, որ 2012 թուականի  պիւտճէին մէջ այդպիսի գումարներ նախատեսուած չեն, 2013 թուականի ծրագիրին մէջ ալ նախատեսուած չեն: Վարդանեան ընդգծեց, որ ասիկա եւս լուրջ հիմնաւորում չէ, քանի որ օրէնքը փոխուեցաւ Մարտ 2012-ին, այսինքն՝ այդ գումարները 2012 թուականի պիւտճէին մէջ եղած են, իսկ 2013 թուականին մասին հիմա կը խօսուի:
Ան յայտնեց, որ կառավարութեան բացասական եզրակացութենէն ետք Ազգային Ժողովի ընկերային հարցերու յանձնախումբին մէջ հարցը քննարկուած է, իսկ քուէարկութեան ժամանակ արձանագրուեցան երեք «դէմ», երեք «կողմ»: Հարցը պիտի մնայ Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ եւ յարմար առիթի պարագային պիտի  քննարկուի Ազգային Ժողովի լիագումար նիստին ընթացքին:
Միւս կողմէ, «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն կախեալ է շարք մը հիմնախնդիրներու նկատմամբ վերաբերմունքէն եւ անոնց լուծումէն:

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ
ՀՅԴ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԺՈՂՈՎԸ

Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ Դեկտեմբերին պիտի գումարուի կուսակցութեան արտակարգ Գերագոյն ժողովը, որուն ժամանակ ալ Դաշնակցութիւնը պիտի քննարկէ իր ընելիքները: Պիտի առաջադրէ՞ իր թեկնածուին, պիտի պաշտպանէ՞ որեւէ այլ թեկնածու, թէ՞ ընդհանրապէս պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն:
«Դաշնակցութեան մէջ կան տասնեակէ մը աւելի գործիչներ, որոնք կրնան առաջադրուիլ, սակայն մենք անձի խնդիր չէ, որ կը քննարկենք: Մեր մօտեցումը մենք կը փորձենք ձեւակերպել այն հիմնախնդիրներուն միջոցով, որոնք կանգնած են Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ: Առաջին խնդիրներէն մէկը ընտրական համակարգն է», ըսաւ Վարդանեան՝  յայտնելով, որ պէտք է անցում կատարել խորհրդարանական համակարգին, ուր գործադիրը հաշուետու պիտի ըլլայ  խորհրդարանին:
Ըստ Աղուան Վարդանեանի, անհրաժեշտ է նաեւ տարանջատել պիզնըսը եւ քաղաքականութիւնը, որոնք սերտաճած են: Դաշնակցական գործիչը սխալ կը նկատէ նաեւ մեծամասնական ընտրակարգը, որ «պիզնըսը ուղղակիօրէն կը բերէ քաղաքականութիւն»: