
ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- Հոկտեմբեր 18-19ին փաստահաւաք առաքելութեամբ Երեւան կը գտնուէր Ժողովրդավարութեան եւ համերաշխութեան համար եւրոպական համախմբումի նախաձեռնած պատուիրակութիւնը,
որուն մէջ ընդգրկուած են Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան (PES) ներկայացուցիչներ եւ Եւրոխորհրդարանի մէջ ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու յառաջադիմական դաշինքի անդամ պատգամաւորներ:
Պատուիրակութեան Երեւան այցի նպատակն է քաղաքական ուժերու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ հանդիպումներու միջոցով պատկերացում կազմել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք եւ նախքան նախագահական ընտրութիւնները տիրող իրավիճակին մասին: Վերջին անգամ նման պատուիրակութիւն մը նոյն նպատակով Երեւան այցելած էր 2007ի Մայիսին, խորհըրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք:
Եւրոպական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին Պուլկարիոյ ընկերվարական կուսակցութեան անդամ, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր եւ Եւրանեսթի խորհրդարանական ժողովի համանախագահ Քրիստիան Վիգէնին եւ Եւրոպական ֆորումի փոխնախագահ Եան Մարինուս Ուիերզման:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սպանիոյ ընկերվարական-աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ, Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Մարիա Մունիզ տը Ուրքիզան եւ Հունգարիոյ ընկերվարական կուսակցութեան անդամ, Եւրոխորհրդարանի Եւրոմիութիւն - Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի անդամ Էտիթ Հերցոկն ու Ալֆրետ Մոզեր հիմնադրամի նախագահ Անտրէ Կերիցը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ պատուիրակութիւնը ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, որուն կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:
Եւրոպական պատուիրակութեան կը հետաքրքրէր ՀՅԴի գնահատականը՝ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակի, անցեալ խորհրդարանական եւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու վերաբերեալ: Պատուիրակութեան անդամները ուզեցին իմանալ նաեւ ՀՅԴի մօտեցումները՝ Հայաստանի դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու, յատկապէս՝ Հայաստան-Թուրքիա եւ Արցախեան հիմնախնդիրի վերաբերեալ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ՀՅԴ-Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Առտուն Եւրոպական պատուիրակութիւնը հանդիպած էր քաղաքացիական հասարակութեան չորս ներկայացուցիչներու հետ, որոնց շարքին էր Հրայր Մարուխեան հիմնադրամի տնօրէն Մարիա Թիթիզեանը: