Երէկ  Հոկտեմբեր 17-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց  նախարար Էդուարդ  Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Իոաննիս Տաղիսի այցելութիւնը՝  հաւատարմագրերու պատճէնի յանձնման արարողութեան կապակցութեամբ:


Շնորհաւորելով դեսպանը պաշտօնի վրայ նշանակուելու կապակցութեամբ՝ նախարար Նալբանդեան  համոզում  յայտնեց, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին  հայ-յունական աւանդական ջերմ եւ եղբայրական յարաբերութիւնները ալ աւելի կ'ընդլայնուին եւ կ'ամրապնդուին։ Նախարարը նշեց նաեւ, որ Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան եւ  ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած միջպետական համագործակցութեան շարունակական զարգացումը Յունաստանի հետ:
Դեսպան Տաղիս  շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ հաւաստիացուց, որ առաւելագոյն ջանքերը պիտի գործադրէ եղբայրական Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու  ամրապնդման  եւ որակապէս նոր մակարդակի բարձրացման համար:
Զրոյցին ժամանակ  ընդգծուեցաւ, որ 2011-ին  ՀՀ նախագահի պետական այցելութեան ժամանակ Յունաստան, կարեւոր լիցք հաղորդուեցաւ միջպետական յարաբերութիւններուն՝ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ  ստորագրուած փաստաթուղթերուն  միջոցաւ:
Նախարար Նալբանդեանը վերահաստատեց Սեպտեմբեր 28-ին Նիւ Եորքի մէջ Յունաստանի արտաքին գործոց  նախարար Տիմիթրիս  Աւրամոփուլոսի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին Երեւան այցելութեան հրաւէրը:
Հանդիպման ընթացքին  երկուստեք գոհունակութիւն  յայտնուեցաւ  երկու երկիրներուն  միջեւ  առկայ  քաղաքական երկխօսութեան, միջ-խորհրդարանական կապերու, ռազմական համագործակցութեան բարձր մակարդակի կապակցութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան: Երկուստեք նշուեցաւ, որ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս Հայաստան  իր արձանագրած առաջընթացով արդէն կը գտնուի առաջնային դիրքերու վրայ։
Նախարար Նալբանդեան ըսաւ նաեւ, որ աւարտին  կը մօտենան  մուտքի արտօնագրի համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները եւ կը  նախատեսուի, որ վաղը Պրիւքսելի մէջ պիտի նախաստորագրուի մուտքի  դիւրացման մասին համաձայնագիրը, աշխուժ եւ  կառուցողական կերպով առաջ տանելով  ազատ առեւտուրի գօտիի  ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային այլ հարցեր: