Օրերս Հայաստանի մէջ վէճ մը ծագած էր՝ նախկին խորհրդային երկիրներէն Ռուսաստան գաղթի «Համերկրացիներ» ծրագրին շուրջ, որ Հայաստանի մէջ կը ղեկավարէ Ռուսաստանի գաղթի ծառայութեան ներկայացուցչութիւնը:

Հայաթափուող Հայաստանին հասցուած այս նոր հարուածին դէմ բողոքի բազմաթիւ ձայներ բարձրացած էին հայկական կողմէն, որոնց Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հակազդած էր։
ՀՀ արտաքին գործոց փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեան, այս խնդրին նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ յստակ դիրքորոշման բացակայութեան մասին քննադատութիւններէ ետք, նշեալ ծրագրին մասին ըսած է. «Արձանագրութեան մէջ յստակ արտայայտուել են կողմերի դիրքորոշումները: Ռուսական կողմի պնդումով՝ արձանագրութեան մէջ գրուել է, որ ինքը շահագրգիռ է այդ ուղղութեամբ շարունակել աշխատանքները, իսկ հայկական կողմն արձանագրել է, որ կտրականապէս դէմ է դրան: Հայաստանի տարածքում գործողութիւնները որոշում է Հայաստանը: Քանի որ մենք դէմ ենք արտայայտուել այդ ծրագրին, բնական է, որ այն չի կարող իրականացուել», ըսած է Շաւարշ Քոչարեան: