Դիմումներ կարելի է ներկայացնել 1 Նոյեմբերէն մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2012
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ իրականացուեցաւ ազգային շարժապատկերի տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը՝ ՀԱՅԱԿ, որ հայ շարժապատկերի մարզին մէջ աշխատողներու ստեղծագործութիւններուն մրցումն է եւ կ՛ընդգրկէ նախորդ տարուան ընթացքի նկարահանուած հայկական ժապաւէնները:
Տարին մէկ անգամ դատական կազմի ընտրութեամբ լաւագոյնը ճանչցուածներու կը յանձնուի ՀԱՅԱԿ մրցանակը:
ՀԱՅԱԿ մրցանակաբաշխութիւնը նպատակ ունի նպաստելու հայկա- կան ազգային շարժապատկերի մշակոյթի զարգացման ու տարածման աշխարհին մէջ, հայկական շարժապատկերի հզօրացման եւ խթանելու հայ երիտասարդ եւ աւագ սերունդի շարժապատկերի մարզին մէջ աշխատողներու գործունէութիւնը:
Յաջորդ ՀԱՅԱԿ մրցանակաբաշխութիւնը կը նախատեսուի իրականացնել 2013 թուականի Ապրիլին՝ այս անգամ ընդգրկելով ինչպէս Հայաստանի արտադրութեան եւ հայաստանցի բեմադրիչներու նկարահանած ժապաւէններ, նոյնպէս ալ սփիւռքահայ բեմադրիչներու նկարահանած եւ հայկական նիւթերով օտարազգի բեմադրիչներու նկարահանած ժապաւէններ:
«ՀԱՅԱԿ 2013» մրցանակաբաշխութեան մասնակցութեան դիմում կարելի է ներկայացնել 1 Նոյեմբերէն մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2012՝ դիմումին կցելով ժապաւէնին «Տի.Վի.Տի» խտասկաւառակը, հակիրճ բովանդակութիւն, բեմադրիչին կենսագրութիւնը:
Մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է այցելել www.hayak.am կայքէջը: