Քինշասայի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովին՝  միջազգային իրադրութեան նուիրուած քննարկումներու ծիրին մէջ 13 Հոկտեմբերին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Ան ընդգծած է, որ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը հիմնահարցին բացառապէս խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծման վերաբերեալ, որ համահունչ է Հայաստանի մօտեցումին, բազմիցս արտայայտած են լուծման հոլովոյթին ընթացքին միջազգային հանրութեան կողմէ միջնորդութեան իրաւագիր ունեցող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու՝  Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները: Այդ դիրքորոշման գլխաւոր մօտեցումները առաջարկուած են ընդգրկելու Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ: Ցաւօք, Ատրպէյճան կը շարունակէ հակադրուիլ միջազգային հանրութեան եւ մերժել միջնորդներուն կողմէ հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած առաջարկները:
14 Հոկտեմբերին գագաթնաժողովը ընդունեց Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւը, ուր ամրագրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութիւնը ղարա- բաղեան տագնապի ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ- ներու կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
«Կոչ կ՛ուղղենք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն՝  զերծ մնալու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, որ կրնայ վտանգել լուծման խաղաղ հոլովոյթը, շարունակել բանակցութիւնները Մինսքի խմբակի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող առաջարկներու հիման վրայ՝  մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ», կ'ըսուի վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ:

Հայաստանը Դարձաւ Կազմակերպութեան Լիիրաւ Անդամ

Քինշասայի մէջ երէկ աւարտեցաւ  Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովը, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան 77 անդամ, ընկերակցուած եւ դէտ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւն- ները՝ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները, արտաքին գործոց նախարարները: Հայաստանը վեհաժողովին կը ներկայացնէր արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Վեհաժողովին նախորդած էր Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը, որ 11 Հոկտեմբերին միաձայն որոշում ընդունած էր Հայաստանի անդամակցութեան առաջարկը վեհաժողովի հաստատման ներկայացնելուն վերաբերեալ:
13 Հոկտեմբերին Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը որոշում կայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ ընդունելու մասին: