Երեք տարի առաջ ստորագրուեցան հայ-թրքական արձանագրութիւնները

«Արձանագրութիւնները նոյն վիճակի մէջ են, ինչ որ երեք տարի առաջ: Կան, չեն մահացած, իրաւական ուժը չեն կորսնցուցած:

Ասիկա նաեւ թրքական կողմին կարծիքն է»,- արձանագրութիւններու ստորագրման երեք տարին լրանալուն առիթով՝ հրաւիրուած ասուլիսին ժամանակ՝ ըստ PanArmenian.net-ի՝ ըսած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ան նշած է, որ երեք տարի անց ալ Դաշնակցութիւնը չէ փոխած իր դիրքորոշումը:
«Մենք դէմ էինք անոնց ստորագրման, փաստաթուղթերու որակին: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը ետ վերցնէ իր ստորագրութիւնը: Այս դրութեամբ մենք ոչ միայն ոչինչ կը շահինք, դեռ Թուրքիան ալ օգուտ կը ստանայ՝ տալով ոչինչ, մասնաւորապէս, հնարաւորութիւն ստացաւ դանդաղցնելու Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործընթացը»,- ըսած է Կիրօ Մանոյեան: Ան վստահեցուցած է, որ մինչեւ նախագահական ընտրութիւներ այդպիսի բան պիտի չըլլայ: Անոր խօսքով Հայաստանի իշխանութիւններուն պէտք են այդ ստորագրութիւնները՝ միջազգային հարթակներու վրայ լաւ գործընկեր ընկալուելու համար:
Կիրօ Մանոյեան նաեւ յիշեցուց նախագահի խօսքը՝ եթէ Թուրքիան խելամիտ ժամկէտներու մէջ չվաւերացնէ, Հայաստանը ստորագրութիւնները ետ պիտի վերցնէ:
«Ստորագրութիւններուն ետ վերցնելը չի վնասեր տարածաշրջանի կայունութեան: Ատիկա միայն ցոյց կու տայ, որ Հայաստանը, բոլորի նման, կ’առաջնորդուի իր շահերով»,- ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ 10 Հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ կնքուեցան հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Սակայն անոնք այդպէս ալ չեն վաւերացուած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն կողմէ: