Հայաստան եւրոպական երկիրներու քաղաքացիներուն համար կը դիւրացնէ երկիր մուտքը:

Եւրոմիութեան անդամ 27 պետութիւններու, ինչպէս նաեւ կառոյցի անդամ չհանդիսացող, սակայն Շէնկէնեան դրոյթները (Schengen Acquis) կիրառող չորս պետութիւններու՝ Իսլանտա, Լիխդենշդէյն, Նորվեկիա եւ Զուիցերիա, քաղաքացիները 10 Յունուար 2013-էն սկսեալ կրնան Հայաստան ժամանել առանց մուտքի վիզայի: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով ՀՀ կառավարութեան պաշտօնական կայքը. հարցը ընդգրկուած է գործադիրի Հոկտեմբեր 4-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Ի՞նչ պիտի տայ որոշումը զբօսաշրջութեան զարգացման

Նախագիծին հիմնաւորման համաձայն՝ նշուած պետութիւններու քաղաքացիներուն համար վիզայի վերացումը խթանիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ՝ իբրեւ Հայաստան այցելութիւնը առաւել դիւրին դարձնող գործօն, որ իր հերթին աւելի բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծէ միջմարդկային աշխոյժ շփումներու հաստատման համար: ԵՄ անդամ երկիրներու հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս պիտի ձեւաւորուի աւելի բարենպաստ քաղաքական եւ տնտեսական միջավայր, որ պիտի նպաստէ նաեւ գործարար կապերու ընդլայնման:

Մուտքի դիւրացումը յատկապէս կը կատարուի
փոխադարձութեան սկզբունքով

Հայաստան ներկայիս ԵՄ-ի հետ կը բանակցի մուտքի վիզայի դիւրացման համաձայնագիրին շուրջ՝ հետագային ընդհանրապէս մուտքի վիզաները վերցնելու նպատակով: Այդ համաձայնագիրով ՀՀ քաղաքացիներուն համար պիտի նախատեսուին Շէնկէնեան գօտիի երկիրներ մուտքի արտօնագրեր ստանալու դիւրաց-ւած ընթացակարգեր: Պարզեցուած մուտք կը նախատեսուի շարք մը դասերու ՀՀ քաղաքացիներու համար՝ պաշտօնական պատուիրակութեան անդամներ, գիտնականներ, ուսանողներ, լրագրողներ, սփորթի եւ արուեստի գործիչներ, ԵՄ երկիրներու մէջ օրինական բնակութիւն ունեցողներու մերձաւոր ազգականներ: Կը նախատեսուի նաեւ նուազեցնել Շէնկէնի մուտքի վիզային գինը՝ 35 եւրօ, եւ անիկա անվճար դարձնել վերոյիշեալ դասերու, ինչպէս նաեւ երեխաներու եւ թոշակառուներու համար: Միակողմանիօրէն հանելով մուտքի վիզայի պահանջը՝ Հայաստան կ’ակնկալէ արագացնել դիւրացման համաձայնագիրին կնքումը:

Առկայ է ԱՊՀ այլ պետութիւններու դրական փորձը

«Օտարերկրացիներու մասին» ՀՀ օրէնքով՝ առանց մուտքի վիզայի Հայաստան ժամանելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիները կրնան երկրին մէջ մնալ 180 օր՝ մէկ տարուան ընթացքին: ԱՊՀ շարք մը պետութիւններ՝ Ուքրանիան, Վրաստանը, Մոլտովան նոյնպէս միակողմանիօրէն հանած են ԵՄ-ի հետ մուտքի վիզայի պահանջը: