PanARMENIAN.Net - Շուրջ 600 զինծառայողներ եւ մօտ 100 միաւոր ռազմական տեխնիկա կը մասնակցի երէկ սկսած ռուսական 102-րդ ռազմակայանի մոթոհրաձգային ստորաբաժանումներու երկկողմ մարտավարական զօրավարժութիւններուն, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:


ՌԴ Հարաւային զինուորական շըրջանի մամլոյ ծառայութեան պետ գնդապետ Իգոր Գորբուլը յայտնեց,              որ զօրավարժութիւններու ժամանակ կը գնահատուի ստորաբաժանումներու պատրաստականութիւնը մարտավարական գործողութիւններուն, ինչպէս  նաեւ արագ փոփոխուող մարտական պայմաններու մէջ ենթականերուն կառավարելու հրամանատարներու ունակութիւնները:
«Զինծառայողները պէտք է ցուցադրեն իրենց հմտութիւններն ու կարողութիւնները կրակակէտերու ընտրութեան ու գրաւման, կառուցման ու լեռնային պայմաններուն յարմարեցման, ականային եւ պայթուցիկ պատնեշներու յաղթահարման, տակտիկական գործողութիւններ վարելու ունակութիւնները: Նրանք գործելու են հակառակորդի կողմից ռադիոէլեկտրոնային ճնշման միջոցների կիրառման պայմաններում»,-ըսաւ Գորբուլը:
Գնդապետ Գորբուլը նշեց նաեւ, որ խնդիրներու կատարման ընթացքին առանձնակի ուշադրութիւն կը դարձուի անձնակազմի հոգեբանական պատրաստութեան:
Գորբուլը տեղեկացուց, որ ըստ մարտական նախապատրաստութեան ծրագրի, ամառը 102-րդ ռազմակայանի ստորաբաժանումներու հետ տեղի ունեցան մօտ 50 տակտիկական զօրավարժութիւններ, որոնցմէ կէսը մարտական հրաձգութեամբ, գիշերուան ժամերուն: