Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի բարձրագոյն մարմինը Երկուշաբթի օր կայացած իր նիստին  ընթացքին քննարկեց եւ որոշեց Սաֆարովին արտայանձնելու հարցը բերել ԵԽԽՎ աշնանային նստաշրջանի օրակարգ: Ընթացիկ հարցի կարգավիճակով պիտի քննարկուի օրակարգը:


Այս առաջարկը Սեպտեմբեր 6էն ներկայացուցած էր ԵԽԽՎ հայկական պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանը՝ Փարիզի մէջ կայացած ԵԽԽՎ Մարդու իրաւունքներու եւ իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նիստի ժամանակ:
«Բնականաբար ատրպէյճանցիները թուրքերուն հետ համատեղ ամէն ինչ անելու են, որպէսզի տպաւորութիւն ստեղծուի, թէ իրենց տեսակէտները  գերակայ են, սակայն մեր խնդիրն է՝ այդ ամէնը չեզոքացնել եւ փորձել ներկայացնել այն իրական պատկերը, որ գոյութիւն ունի» դիտել կուտայ Արմէն Ռուստամեանը:
Վաղը Հինգշաբթի օր նախանշուած նիստի ժամանակ հայկական կողմը չորս ելոյթներու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ:
ԵԽԽՎ նախագահ Ժան Գլոտ Միյոնը միջազգային կառոյցներու այն ղեկավարներէն մէկն էր, որ անդրադարձաւ եւ դատապարտեց մարդասպան Սաֆարովին Հունգարիայի կողմէ Ատրպէյճանին յանձնելու եւ Պաքուի մէջ անոր ներում շնորհելու եւ հերոսացնելու որոշումները: Ժան Գլոտ Միյոն ըսած էր, որ այս սկանտալային ներումը բացասական հետեւանքներ  պիտի ձգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ -առանց ատոր ալ-  լարուած յարաբերութիւններուն վրայ: ԵԽԽՎ նախագահը իր այս դիրքորոշումը վերահաստատեց Ստրասպուրկի մէջ  Սեպտեմբեր 20-ին կայացած ՀՀ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ հանդիպման ժամանակ:
Ինչպէս յայտնեցին ԵԽԽՎ գրասենեակէն, Հոկտեմբեր 4-ի նիստին ընթացքին Սաֆարովի գործը պիտի քննարկուի Ստրազպուրկի ժամով՝  երեկոյեան ժամը 7-ին: