Երէկ Երկուշաբթի օր ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի 67-րդ նստաշրջանի Ընդհանուր բանավէճի վերջին օրը, ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը։
Ան նշեց, որ տարածաշըրջանէն ներս կայ անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան խնդիր։


«Տարիներ շարունակ Հայաստան այս ամպիոնէն կ'ահազանգէր Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութեան, միջազգային համաձայնութիւններու կոպիտ խախտումներու  եւ Ատրպէյճանի հասարակութեան ծիրէն ներս ամենաբարձր մակարդակով իրականացուող հայատեացութեան քաղաքականութեան մասին», - դիտել տուած է Նալբանդեանը։
ՀՀ նախարարի փոխանցմամբ, շատ միջազգային կառոյցներ նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի մէջ մարդոց իրաւունքներու ոտնահարման, օտարատեացութեան, հայերու հանդէպ ատելութեան, ցեղապաշտութեան  եւ անհանդուրժողականութեան կապակցութեամբ:
Ո՞րն է Ատրպէյճանի պատասխանը։ Նախարարի խօսքերով, այդ երկիրը ոչ միայն կ'անտեսէ միջազգային համայնքի ակնկալիքները, այլեւ քաղաքակիրթ աշխարհի արժէքները ոտնահարող նոր քայլերու կը դիմէ։ Ատոր վկայութիւնը մարդասպան Սաֆարովին ազատ արձակելու եւ Ատրպէյճանի մէջ  հերոսացնելու իրողութիւնն է։