Սեպտեմբեր 20, 2012-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի երկրորդ նիստը,

նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ մասնակցութեամբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զոյգ Կաթողիկոսներուն եւ կուսակցութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու։
Ժողովին ներկայ եղաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը, որ ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումին առիթով ՀՕՄ-ի մշակած ծրագիրները։
Յաջորդ օրը, Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 21-րդ տօնին առիթով երկրի նախագահին կողմէ Կ.Դեմիրճեանի անուան Մարզա-մշակութային համալիրէն ներս կազմակերպուած ընդունելութեան եւս ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքի շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նախագահին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 21-րդ տարեդարձին առիթով։