Ինչպէս մեր երէկուան թիւով հաղորդած էինք, Հինգշաբթի, 20 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին Արամ Ա. կաթողիկոս Հայաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի երկրորդ նիստին:


Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի թուականը՝ 2015-ը, պիտի չըլլայ բացառիկ իրադարձութեան տարի: «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հաղորդումով‘ Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ յանձնախումբի հիմնական հարցադրումներէն մէկն է, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի շարունակեն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հանրահռչակման հոլովոյթը. արդեօ՞ք պիտի սահմանափակուին գրահրատարակչութեամբ կամ դասախօսութիւններ կազմակերպելով:
«Թրքական կողմը, ի վերջոյ, կ՛ուզէ, որ 2015 թուականին ցունամին գայ, ու իրենք հանգստանան: Առաջին ուղերձը իրենց պէտք է ուղղենք, որ 2015-ով ոչինչ կը վերջանայ: Երբեք պէտք չէ տրամադրուինք, որ 2015 թուականին, եթէ որոշ լուրջ արդիւնքներու չհասնինք, ապա պէտք է հիասթափուինք», նշեց Դեմոյեան: Ըստ անոր, 2015 թուականով ոչ մէկ բան կ՛աւարտի, հակառակը‘ ամէն ինչ նոր կը սկսի:
Ան կարեւոր նկատեց տարբեր երկիրներու ուսումնական դասագիրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի մասին գոնէ երկու-երեք պարբերութեան սահմաններուն մէջ տեղեկութեան տեղադրումը: Ան փոխանցեց, որ գոյութիւն ունին միայն երկու-երեք դէպքեր, երբ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հպանցիկ կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այնինչ ասիկա ռազմավարական առումով անկիւնաքարային մօտեցում պէտք է ըլլայ:
Յանձնախումբի նիստին ներկայացուած է քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ կարգի աշխատանք կատարուած է, ո՛ր երկիրներուն մէջ արդէն կը գործեն տեղական յանձնախումբեր: Դեմոյեանի համաձայն, արդէն իսկ կան շահաւէտ համագործակցութեան դրական արդիւնքներ: Իբրեւ օրինակ Դեմոյեան նշեց Լիբանանի կեդրոնական յանձնախումբը, որ այս տարի արդէն կրցած է կազմակերպել երկու մեծ նախաձեռնութիւն‘ կապուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հետ:
Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով վերջերս վնասուած Մարկատէի մատրան վերանորոգումը յանձն առած է 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբը:
Յանձնախումբի նոր անդամներ նշանակուած են ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութիւններուն ատենապետները եւ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան: