Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին օրը հայաստանեան լրատուադաշտը օժտուեցաւ արեւմտահայերէն վերլուծական-լրատուական «Եռագոյն» կայքէջով: http://www.yerakouyn.com/


«Եռագոյն» կայքի մտայղացման հեղինակներն են Խաժակ Մկրտիչեան, Նայիրի Մկրտիչեան եւ Նարինէ Տումանեան:
Այս առիթով Նայիրի Մկրտիչեան յայտնեց, որ արեւմտահայ ընթերցողին այս ձեւով կը հրամցուին հայաստանեան եւ սփիւռքեան լրատուութիւնները մատչելի լեզուով: Ըստ անոր, ինքնուրոյն լուրերու եւ յօդուածներու կողքին կայքին մէջ տեղ պիտի գտնեն Հայաստանի ու սփիւռքի հիմնական լրատուամիջոցներուն հրապարակած նիւթերը Հայաստանի եւ սփիւռքի վերաբերեալ:

www.yerakouyn.com/