Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով՝ Հայաստանի վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին առիթով, գիտութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, տնտեսութեան, արուեստի եւ մշակոյթի մարզին մէջ խումբ մը ներկայացուցիչներ,

զինեալ ուժերու, իրաւապահ մարմիններու զինուորներ պարգեւատրուեցան պետական բարձրագոյն պարգեւներով, ինչպէս նաեւ ստացան պատուաւոր եւ զինւորական բարձրագոյն  կոչումներ:
Նախագահը նաեւ պարգեւներ յանձնեց տարբեր մարզերու մէջ ակնառու նուաճումներու եւ յաջողութիւններու հասած բազմաթիւ անձերու՝   շնորհաւորելով զանոնք եւ անոնց մաղթելով յաջողութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 21-րդ տարեդարձին առիթով,  գիտութեան եւ կրթութեան մարզերուն մէջ ունեցած մեծ վաստակին, երկարամեայ եւ արդիւնաւէտ գիտական-մանկավարժական գործունէութեան համար Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչում շնորհուեցաւ տարբեր անձերու: