Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ այցելեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարանի հիմնարկ-թանգարան եւ ծանօթացաւ վերանորոգուած սրահներուն:
Այնուհետեւ երկու հայկական պետութիւններու նախագահները մասնակցեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի երկրորդ նիստին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 20 Սեպտեմբերին հասած էր Հայաստան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու նպատակով:
Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գլխաւոր մասնաշէնքը ամբողջական նորոգութեան ենթարկուելէ ետք պաշտօնապէս վերաբացուեցաւ 20 Սեպտեմբերին: Հիմնական մասնաշէնքը այսուհետեւ պիտի գործէ իբրեւ թանգարանային համալիր՝ 14 ցուցասրահներով, նախապէս գործող միայն մէկ սրահի փոխարէն: Մասնաշէնքի բացման արարողութեան ընթացքին Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան նշեց, որ հին ցուցանմուշներէն բացի, այսուհետեւ ներկայացուած պիտի ըլլան նաեւ արեւելեան մշակոյթի բացառիկ նմուշներ, ինչպէս նաեւ Վասպուրականի եւ Արցախի մանրանըկարչութեան գոհարներ:
«Մատենադարանն աշխարհի այն եզակի թանգարաններից է, որտեղ ցուցադրւում են բացառիկ ցուցանմուշներ, որոնցից իւրաքանչիւրն ենթարկւում է գիտական ուսումնասիրութեան: Այցելուներն արդէն հնարաւորութիւն ունեն ծանօթանալու նրանց արժէքների հետ, որոնք ներկայացուած են 14 ցուցասրահներում», յայտնեց ան:
Անոր համաձայն, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է Արցախի մանրանկարչութիւնը, որուն բացառիկ օրինակներու բարձրարուեստ կրկնօրինակները պիտի ուղարկուին Արցախ, եւ եթէ կարելի ըլլայ, մասնաշէնք մը պիտի բացուի նաեւ Շուշիի մէջ:
Մատենադարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի գործէ «Վիրթուալ Մատենադարան» ցուցասըրահը, որ պիտի նպաստէ ցուցադրուող նմուշներու օգտագործման, Մատենադարանի, հայ գրչութեան կեդրոններու եւ գրաւոր մշակոյթի վերաբերեալ տեղեկութեան տարածման, տարաբնոյթ կրթական ծրագիրներու իրականացման: Սրահները նորոգուած են՝ նկատի ունենալով ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման արդի չափանիշերը: Հիմնական ցուցադրութիւններէն բացի, պիտի կազմակերպուին նաեւ յատուկ նիւթերով ցուցահանդէսներ:
Միասնական գոհաբանական աղօթք
Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն կը տեղեկացնեն թէ Արամ Ա. կաթողիկոսը դիմաւորած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ապա Մայր տաճարին մէջ կատարուած է միասնական գոհաբանական աղօթք: Աղօթքէն ետք Ամենայն հայոց հայրապետը բարիգալստեան խօսքով ողջունած է Արամ Ա. կաթողիկոսը՝ փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ նման առիթ կը պարգեւէ հանդիպելու եւ առ Աստուած միացեալ աղօթք բարձրացնելու հայ ժողովուրդի ապահով ու բարօր կեանքի, հայրենիքի շինութեան ու յառաջընթացի համար, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու ազգային կեանքը յուզող հարցերուն ու մտահոգութիւններուն։
Գարեգին Բ. կաթողիկոս գոհունակութիւն յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն համատեղ մասնակցութեան համար՝ կարեւոր նկատելով Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման եւ մարդկային կեանքին մէջ նման ոճիրներու կանխարգելման նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը, որպէսզի լուծում գտնէ մեր ժողովուրդի արդար դատը, որ հարիւրամեակ շարունակ իւրաքանչիւր հայորդիի պայքարը եղած է:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս նաեւ ցաւով անդրադարձած է Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման եւ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ մարդասպանին տրուած ներման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն, որոնց զոհ կ՛երթան բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներ:
Այնուհետեւ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին իր այցելութեան անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: «Մեր եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառը, մեր եկեղեցւոյ կեանքի ու վկայութեան ճամբան, մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը միայն մէկ բառի մէջ կարելի է խտացնել՝ ծառայութիւն: Եւ այս բառը մեր եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին գործնականապէս արտայայտուած է մեր եկեղեցւոյ կենդանի ու արեան վկայութեամբ, մեր եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ, մեր եկեղեցւոյ՝ հայրենիքի ու ժողովուրդի համայնական կեանքի մէջ իր գործօն մասնակցութեամբ», յայտնած է Արամ Ա. կաթողիկոս՝ իր այցելութիւնը առիթ նկատելով ծառայական ուխտի վերանորոգման:
Խօսելով վերջին շրջանին ազգային կեանքը յուզող երեւոյթներուն մասին՝ Արամ Ա. կաթողիկոս յատկապէս նշած է. «Երբ Ատրպէյճանը բարոյական, իրաւական, քաղաքական, մարդկային ամէն տեսակ օրէնք ու հասկացողութիւն մէկդի դնելով, փառքով ու պատուով ընդունեց ոճրագործը, մեր եկեղեցին պետութեան կողքին եղաւ, մեր եկեղեցին չէր կրնար անտարբեր ըլլալ: Երբ սուրիահայութիւնը այսօր տագնապի մատնուած է, մեր եկեղեցին անտարբեր չմնաց: Եւ ահաւասիկ, երբ մենք կը գտնուինք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին, եկեղեցին չի կրնար լուռ ու հետեւողի դերի մէջ ըլլալ: Մեր պետութեան հետ միասին մենք ընելիք ունինք»:
Իր խօսքի աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը մաղթած է, որ միշտ շէն ու պայծառ մնայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը՝ իր միաբանութեամբ ու բոլոր կառոյցներով:
Արարողութիւնը եզրափակուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու օրհնութեամբ ու միասնական տէրունական աղօթքով:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ
Պաշտօնական արարողութիւններու եւ ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ համերգներու ու հանդէսներու կազմակերպումով, նշուեցաւ Հայաստանի վերանկախացման 21ամեակի տօնը, Հայաստանի մէջ:
Սփիւռքի հայ համայնքներուն մօտ եւս, ՀՀ դեսպանութիւններու նախաձեռնութեամբ իրագործուեցան տարբեր տօնական միջոցառումներ: