Համայնավարական բռնապետութեան լուծը թօթափելով հայ ժողովուրդը տէրը դարձաւ իր ճակատագիրին՝ յօժարակամ ընտրելով հերոսական պայքարի զրկանքներու ուղին Փետրուար 1988-ին ծայր տուին Արցախի՝ Մայր Հայաստանին միացումը պահանջող երեւանեան ցոյցերը:
1988-ի երկրորդ կիսուն, ամէնօրեայ հաւաքներու կողքին, ամբողջ Հայաստանի մէջ սկսան գործադուլներ: Տնտեսական կեանքը կանգ առաւ: Հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ պահանջեցին վճռական քայլերու դիմել եւ սանձել ազերիներու վայրագութիւնները հայաշատ գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ: Ցոյցերու եւ հաւաքներու ընթացքին կրկնուող կարգախօսները լսուեցան նաեւ Գերագոյն խորհուրդին մէջ։
1989-ին ցոյցերն ու հաւաքները սկսան նոր թափով։ Այս միջոցին պահանջատիրութիւնը աւելի նպատակասլաց դարձնելու եւ զայն հունաւորող կազմակերպութիւն մը յառաջացնելու համար ստեղծուեցաւ Հայոց Համազգային Շարժումը, որ իր Ա. համագումարէն ետք (4 - 6 Նոյեմբեր 1989) ապրեցաւ զգալի դիմափոխութիւն, երբ իր գործունէութիւնը սահմանափակեց Հայաստանի խորհրդային վարչակարգի վերակառուցման եւ ժողովրդականացման առաջադրանքով: ՀՀՇ-ի ղեկավարները Արցախի հարցին լուծումը պայմանաւորեցին Հայաստանի հասարակական կեանքին մէջ նոր, միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ փորձուած չափանիշներու հաստատումով: Այսպիսով, իր բոլոր դրսեւորումներով, ժողովրդավարական պետութեան կառուցումը դարձաւ Շարժումին առանցքային խնդիրը:
Միեւնոյն ժամանակ հայրենի ժողովուրդին մէջ հետզհետէ աւելի խոր կերպով արմատաւորուեցաւ անկախ պետականութիւն ունենալու ձգտումը: 1990-ին հայութիւնը ընդհանուր առմամբ արդէն պատրաստ էր եւ կը ձգտէր ժողովրդավարական անկախ պետութեան: Ընդհանուր այս մթնոլորտին մէջ Հայոց Համազգային Շարժումը պետական լծակներ ապահովելով դարձաւ քաղաքական իշխող ուժ:
Մայիս 1990-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Գերագոյն խորհուրդի ազատ ընտրութիւններ: ՀՀՇ մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն եւ հակառակ անոր որ չյաջողեցաւ շահիլ աթոռներու մեծամասնութիւնը, շարժումի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան դարձաւ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ (4 Օգոստոս 1990): Անոր ընտրութեամբ փաստօրէն աւարտեցաւ Համայնավար կուսակցութեան մենատիրութեան շրջանը: Պահը պատմական էր: Նոր հրապարակ եկող քաղաքական ուժէն կը պահանջուէր արտաքին քաղաքական բարդ զարգացումներուն առընթեր երկրին մէջ իրագործել հասարակական փոփոխութիւններու երկար շարք մը: Անոր համար անհրաժեշտ էր օգտագործել ժողովուրդին մէջ կուտակուած եռանդը, ձգտումն ու պատրաստակամութիւնը՝ կառուցելու օրէնքի պետութիւն ժամանակակից բոլոր չափանիշներով: Այդ բոլորը իրականացնող պետական մարմինները՝ Գերագոյն խորհուրդն ու կառավարութիւնը, հարկ է որ կատարէին քաղաքական ճշգրիտ քայլեր՝ իրենց նպատակին հասնելու համար:
Առաջին քայլը չուշացաւ. 23 Օգոստոսին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նստաշրջանը 183 թեր, 2 դէմ եւ 2 ձեռնպահ քուէներով ընդունեց Հայաստանի անկախութեան Հռչակագիրը, որով վերջ գտաւ Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը (ՀԽՍՀ) եւ Հայաստանը հռչակուեցաւ գերիշխան հանրապետութիւն, առանց Խ. Միութենէն անջատուելու: Հռչակագիրով սկիզբ առաւ «անկախ պետականութեան հաստատման գործընթաց»ը, որ առաջադրեց Հայաստանի մէջ կերտել անկախ ժողովրդավարական պետութիւն, ուր պէտք է յարգուին խօսքի, մամուլի, խղճի ազատութիւնները եւ բազմակարծութիւնը: Այս փաստաթուղթով ընդունուեցաւ նաեւ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման սկզբունքը: Հռչակագիրով նաեւ հիմը դրուեցաւ Հայաստանի մէջ ազատ տնտեսութեան:
Հռչակագիրը ծնաւ բաւական դժուար երկունքէ ետք: Ի վերջոյ Հռչակագիրը իր վերջնական ձեւով հաստատեց, որ ներկայ հանրապետութիւնը շարունակութիւնն է 28 Մայիս 1918-ի հանրապետութեան եւ Հայաստանի անկախութեան կարելի է հասնիլ հանգրուանային նուաճումներով միայն: Հռչակագիրը հաւատարիմ մնաց Խ. Հայաստանի եւ Արցախի Գերագոյն Խորհուրդներու 1 Դեկտեմբեր 1989-ի այն որոշումին, թէ Արցախ անբաժան մասը կը նկատուի Հայաստանի:
Հռչակագիրը ամրապնդեց հայրենի հասարակութեան մէջ արմատաւորուած արժէքներու նոր համակարգը, որ սակայն չէր համապատասխաներ մինչ այդ գործող սահմանադրութեան: Հետեւաբար Հռչակագիրը վիճակուեցաւ փոխարինելով Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը՝ մինչեւ անոր մշակումը եւ որդեգրումը:
Սահմանադրութեան պակասը մինչ այդ արդէն կը զգացուէր սուր կերպով: Գոյութիւն ունէին ընդունման ձեւերու շուրջ լուրջ տարակարծութիւններ: Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանով ներկայացող ՀՀՇ-ական իշխանութիւնները կը պնդէին, որ սահմանադրութիւնը պէտք է որդեգրել աւելի ուշ, երբ ընդունուած եւ փորձարկուած ըլլան երկրին անհրաժեշտ բոլոր օրէնքները, որոնց համախմբումով միայն պէտք է ունենալ ամբողջական սահմանադրութիւն: Ընդդիմութիւնը իր կարգին կը շեշտէր, որ թէկուզ պակասաւոր ձեւով, սակայն ամէնէն արագ միջոցին պէտք է որդեգրուի սահմանադրութիւն: Այս հարցը քաղաքական շահարկումներու եւ պայքարի նիւթ դարձաւ 1990-ի կէսերէն մինչեւ 1991-ի սկիզբները:
Այս ընթացքին հայրենիքի մէջ վերահաստատուեցան հայկական աւանդական կուսակցութիւնները, յատկապէս՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու ՌԱԿ-ը:
Ծայր տուաւ մամլոյ եւ խօսքի ազատութիւն: Երկրին մէջ սկսան լոյս տեսնել հարիւրաւոր թերթեր, որոնք հասարակական կարծիք ձեւաւորեցին ժողովուրդը յուզող կարեւոր հարցերու շուրջ: Յառաջացան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու միացեալ դաշինքներ, որոնք նպատակադրեցին ժողովուրդին քաղաքական կենսունակութեան խթանումը եւ ընտրութիւններու օրինաւոր միջոցներով իշխանութիւններու փոփոխութիւնը:
Խորհրդային Միութեան մէջ ընթացող զարգացումները մինչ այդ ցոյց տուին, թէ մնացեալ հանրապետութիւնները եւս՝ հետամուտ են նոր սահմանադրութիւններ ստեղծելու:
Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութեան տրամադրութիւնները արտայայտելով՝ 21 Սեպտեմբեր 1991-ը որոշեց Հայաստանի անկախութեան հանրաքուէի օր: