Իրենց աւարտին հասան «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» Հաւաքական նվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու միացեալ ռազմափորձերը:


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիւքովը, որ Հայաստանի նախագահին հետ երէկ ներկայ գտնուեցաւ ռազմափորձերուն:
Հայաստանի նախագահը եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմական եւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան, շրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն, միջազգային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած միացեալ ռազմափորձերուն վերաբերող հարցեր:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական եւ ռազմական-արհեստագիտական մարզին մէջ համագործակցութեան մակարդակէն: Ըստ նախագահին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը յատկապէս Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակի եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին համաձայնագիրի 15-ամեակի այս տարուան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետեւողական ամրապնդման եւս մէկ հաստատումն է:
Նախարար Անաթոլի Սերտիւքով, օգտուելով հանդիպման պատեհ առիթէն, Հայաստանի անկախութեան 21-րդ տարեդարձի նախօրեակին տօնին առիթով շնորհաւորեց Հայաստանի նախագահը եւ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները՝ մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն:
Նախարարը գոհունակութեամբ խօսեցաւ երէկ տեղի ունեցած միացեալ զօրավարժութիւններուն մասին, որոնք զինուորական մարզին մէջ սերտ փոխադարձ համագործակցութեան արդիւնքն են: