ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 6 Հոկտեմբերին Արենիի մէջ տեղի պիտի ունենայ արդէն աւանդական դարձած գինիի փառատօն: Այս մասին «Փանորամա»ին յայտնեց փառատօնի համակարգող Մէրի Առաքելեան:
Ան նշեց, որ փառատօնի կազմակերպումը նպատակ ունի միջազգային եւ ներքին զբօսաշրջային շուկային մէջ նպաստել Հայաստանի եւ Արենի համայնքին՝ իբրեւ բարենպաստ եւ գրաւիչ զբօսաշրջավայրի (նաեւ՝ գինեգործութեան բնօրրանի եւ գինիի միջազգայնացման կարեւորագոյն բաղկացուցիչ մասերէն մէկուն), նկարագիրի ձեւաւորման, Արենիի եւ այլ համայնքներու մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:
Մ. Առաքելեանի համաձայն, փառատօնին ընթացքին պիտի կայանայ արհեստավարժ ձեւերով գինի արտադրողներու ցուցահանդէս-վաճառք, տնական գինի արտադրողներու ցուցահանդէս-վաճառք, պանիր արտադրողներու ցուցահանդէս-վաճառք, մրցումներ, «Հայաստանը ձեր աչքերով» լաւագոյն գինիի պիտակի մրցում (գծանկար), արտադրողներու ծիրին մէջ «Ոսկէ տակառիկ 2012» լաւագոյն գինիի մրցում, տնական գինի արտադրողներու մրցում, գորգերու ցուցահանդէս, ազգային երաժշտութիւն, պար, խաղեր, թատերական բեմադրութիւններ:
Նշենք, որ փառատօնը կը կազմակերպուի Հայաստանի կառավարութեան 2011 թուականի 13 Յունուարին տրուած որոշումով «Արենի» հիմնադրամի ու Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ։