«Փոխ գործակցութիւն 2012» անունով զօրավարժութեան մասնակցելու նպատակով Հայաստան կը գտնուին ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու խորհրդարաններու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մշտական յանձնաժողովներու նախագահները:
Անոնք երէկ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր բարձրացան, ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին, ապա շրջեցան Ցեղասպանութեան թանգարա ու ծանօթացան մարդկութեան դէմ կատարուած այս ոճիրի մանրամասնութիւններուն: