Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտէն ներս բացումը կատարուեցաւ ժամանակաւոր ցուցադրութեան՝ նուիրուած Զմիւռնիայի աղէտի 90ամեայ տարելիցին:


Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՑԹԻ տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, որ նշեց, թէ «Զմիւռնիայի հրդեհը ազդարարեց նոր պետութեան ծնունդը, որն աշխարհի քարտէզին յայտնուեց երիտթուրքերի ցեղասպան քաղաքականութեան արդիւնքում: Այսպիսով, Զմիւռնիայի աղէտը Հայոց ցեղասպանութեան վերջին դրուագներից մէկը հանդիսացաւ՝  ազդարարելով նաեւ «Թուրքիան՝  թուրքերին» քեմալականների պետականաստեղծ ծրագրի սկիզբը»:
Ողջոյնի եւ երախտիքի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Յունաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար տիկին Վասիլիքի Տիքոփուլուն:
Զմիւռնիայի աղէտի 90-ամեայ տարելիցին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցադրութեան ներկայացուած են բացառիկ բնօրինակ լուսանկարներ, փաստաթուղթեր ու տեսանիւթեր:
Բացումէն յետոյ ՀՑԹԻ Կոմիտասի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտական նիստ՝  նուիրուած Զմիւռնիայի աղէտին, ուր խօսքերով հանդէս եկան ՀՑԹԻ տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, Վերժինէ Սվազլեանը, ՀՑԹԻ գիտաշխատողներ Թեհմինէ Մարտոյեանը եւ  Գէորգ Վարդանեանը: Խօսողները անդրադարձան իրագործուած աղէտին, հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան, թրքական ցեղասպան գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութիւններու առանձնայատկութիւններուն: