Զօրավարժութիւններու մեկնարկը տրուեցաւ «Բաղրամեան» զօրավարժարանէն ներս տպաւորիչ մարզանքներով
Անցնող շաբաթավերջին, Հայաստանի «Բաղրամեան» զօրավարժարանէն ներս սկիզբ առին ՀԱՊԿ (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան) արագ արձագանգման ուժերու քառօրեայ զօրավարժութիւնները՝ «Փոխգործակցութիւն-2012» նշանաբանով:
ՀԱՊԿ-ի արագ արձագանգման ուժերու տարեկան ծաւալուն այս զօրավարժութիւնները կ'իրագործուին 2009 թուականէն ի վեր, երբ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարութեանց որոշմամբ ստեղծուեցան այդ միաւորումները, հիմնական նպատակ ունենալով դիմագրաւել ռազմական յարձակողականութիւնը եւ միջազգային ահաբեկչութիւնը:
Զօրավարժութիւնները առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուին Հայաստանի մէջ. մասնակցութիւն կը բերեն ՀԱՊԿ-ի անդամ վեց երկիրներ (Պելառուս, Հայաստան, Ղազախստան, Ղրզըզիստան, Ռուսաստան, Տաճիկիստան): Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին մօտ 2000 զինուորականներ եւ շուրջ 500 միաւոր՝ ռազմական սարքաւորումներ:
Պաշտօնական տողանցքէն ետք, հնչեցին անդամ երկիրներու հիմներգները եւ բարձրացան ազգային դրօշակները: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, որ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման առումով կարեւորեց ՀԱՊԿ Պայմանագրի կազմակերպութեան դերը:
«Արագ արձագանգման հաւաքական ուժերի ստեղծումը, որոնց թիւը ներկայում կազմում է մօտ 20 հազար մարդ, կարեւոր իրադարձութիւն էր, եւ նախորդ զօրավարժութիւնները յստակօրէն ցուցադրեցին, որ ՀԱՊԿ արագ արձագանգման զորամիաւորումները այսօր ունեն ոչ վատ ներուժ եւ իրենցից տարածաշրջանային ուժ են ներկայացնում, որը կարող է չէզոքացնել պոտենցիալ (հնարաւոր) սպառնալիքները», - ըսաւ ՀՀ նախարարը:
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս: Ինչպէս փոխանցուեցաւ լրագրողներուն, վաղը Սեպտեմբեր 18ին, զօրավարժութիւններու ընթացքին հետեւելու նպատակով Երեւան պիտի ժամանէ Ռու-սաստանի պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերդիւկովը: