Արարատի մարզի Այգաւան համայնքին մէջ  Սեպտեմբեր 10-ին ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանը Արարատի մարզպետ Էդիկ Բարսեղեանի, Երեւանի գոնեակի գործարանի գործադիր տնօրէն Արա Գէորգեանի հետ մասնակցեցան խաղողի մթերման գործընթացի մեկնարկին:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուց ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը, Երեւանի գոնեակի գործարանը նախորդ տարուայ 20344 թոնի փոխարէն ընթացիկ տարին գիւղացիներէն պայմանագրային  հիմունքներով կþընդունի 24000 թոն խաղող: Անհրաժեշտութեան պարագային՝ մթերման ծաւալները պիտի աւելնան: Վճարումները, ինչպէս նախորդ տարի, կը կատարուին գումարը գիւղացիի վարկային հաշուեհամարին անմիջապէս փոխանցելու ճանապարհով:
Սեպտեմբեր 11-ին խաղողի մթերումներ կը սկսին նաեւ Արմաւիրի մարզէն ներս: ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ վերամշակողներուն  ամենակարճ ժամկէտներուն մթերման գործընթացը կարգաւորելու ու գիւղացիին աճեցուցած բերքը ամբողջովին ու խելամիտ գիներով ընդունելու մասին ուղղուած խօսքերը լայն ու գործնական արձագանգներու արժանացած են հանրապետութենէն ներս:
Խաղող վերամշակող գործարանները,միաձայն պարտաւորուած են նախորդ տարուայ 128,9 հազար թոնի դիմաց , ընթացիկ տարին մթերել մինչեւ 166 հազար թոն խաղող: Անցեալ տարուայ մթերման 130 դրամ գինի փոխարէն Արարատեան դաշտին մէջ խաղողի մթերման մեկնարկային գինը այս տարի 140, իսկ Տաւուշի մարզէն ներս 130 դրամ է: