Աղօթք՝ Սուրիոյ Զոհերուն Համար
Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, Սեպտեմբեր 9ին իրականացուած է վերանորոգումէն ետք երրորդ պատարագը:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին՝ պատարագի մասնակիցներուն թիւը, 2010 եւ 2011 թուականներուն համեմատ, նուազած է՝ իջնելով մօտաւորապէս 1000ի:
Պատարագին մասնակցած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Վանի փոխ քաղաքապետ Աթա Ուսլու, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ
ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներ եւ այլք: Ներկաներուն բաժնուած են սուրբ նշխարներ, ապա յատուկ աղօթք կատարուած է Վանի երկրաշարժէն տուժածներու եւ Սուրիոյ զոհերու յիշատակին:
Ապահովական մարմիններու 260 աշխատակիցներ հսկած են վայրը, մինչ ամբողջ պատարագի ընթացքին կղզիին վերեւը շրջած է ոստիկանական ուղղաթիռ մը:
Հայկական «Ակունք» պարային համոյթի ելոյթի ընթացքին բարձրացուած հայկական դրօշը կարճատեւ լարուածութեան պատճառ դարձած է, երբ ներկաներէն ոմանք արտայայտած են իրենց դժգոհութիւնը:
«Մարմարա» կը գրէ, թէ այս անգամ եւս արարողութեան դէմ քննադատութիւններ կատարուեցան ազգայնամոլ շրջանակներէ: Բողոքողներէն մէկը այն կազմակերպութիւնն էր, որ ինքզինք կոչած է «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն»...