Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոշ Մարթոնին նախորդ շաբաթավերջին նամակ ուղարկեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, ուր վստահեցուց, թէ Սաֆարովի Ատրպէյճանին արտայանձնումը ուղղուած չէր Հայաստանի դէմ եւ պէտք չէ դիտարկուի իբրեւ վիրաւորանք հայ ժողովուրդի հասցէին:
Հունգարական մամուլը հաղորդեց, որ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդ- գծած է, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած մարդասպանին արտայանձնումը իրականացուեցաւ միջազգային գործող չափանիշերուն ու այս հարցին մէջ Հունգարիոյ կողմէ կիրարկուող փորձին համապատասխան:
Մարթոնի պնդեց, որ արտայանձնումը «բացառապէս իրաւական բնոյթ» կրած է:
Պաշտօնական նամակին մէջ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ցաւ յայտնեց իր երկրին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կա- սեցնելու՝ Հայաստանի որոշման առնչութեամբ եւ նշեց հայ-հունգարական աւանդական բարեկամութիւնն ու «քրիստոնէական արժէքները», որոնք «կը միաւորեն երկու ժողովուրդները դարեր շարունակ»:
«Դիւանագիտական յարաբերութիւններու կասեցումը կրնայ ունենալ լուրջ հետեւանքներ, որոնք չեն բխիր Հայաստանի շահերէն»,- մամուլին մէջ առկայ հաղորդագրութեան համաձայն, պնդեց Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ կոչ ուղղեց Նալպանդեանին երկուստեք ջանքեր գործադրելու բարեկամական կապերը վերականգնելու համար:
Ըստ «Ազատութիւն» կայանի տեղեկութիւններուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստացած է այս ուղերձը, սակայն պաշտօնական Երեւանը առայժմ անոր որեւէ արձագանգ չէ տուած:
Նշենք, որ Հունգարիոյ կողմէ Սաֆարովին արտայանձնման ենթարկելու հարցը քննարկուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներուն՝ նախորդ շաբաթավերջին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած ոչ պաշտօնական հանդիպման ընթացքին: