«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւնը առաջնահերթ է»
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանյեր ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազըրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Հարաւային Կովկասը կարեւոր նշանակութիւն ունի ԵԱՀԿ-ի ամբողջ տարածքին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար»։
Ըստ անոր, կազմակերպութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ կ՝աշխատի ներքին բարեփոխումներուն տեղւոյն վրայ աջակցելու ուղղութեամբ։
Զանյեր վստահեցուցած է, որ ԵԱՀԿ-ը պատրաստ է լուրջ օգնութիւն ցուցաբերելու տարածաշրջանին մէջ երկարաձգուող հակամարտութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ: