ՀՀ նախագահը Եւրոպական Միութեան պաշտօնակատար Ֆ. Լեֆորին ուղղեց քննադատական իր խօսքը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:


Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարւեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան զարգացման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին ներկայ վիճակին, ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման պատճառով յառաջացած իրավիճակին եւ այդ առիթով միջազգային հանրութեան արձագանգներուն:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բազմաթիւ երկիրներու, միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին՝  եւրոպական շարք մը կառոյցներու կողմէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն  հանդէպ մարդասպան Սաֆարովի ազատ արձակման եւ հերոսացման ուղղութեամբ քայլերը միանշանակ եւ խստօրէն դատապարտող յայտարարութիւններուն համար: Նախագահ Սարգսեան անընդունելի եւ անհասկնալի նկատեց որոշ իբր թէ «հաւասարակշիռ», իսկ էութեան մէջ՝ զարհուրելի այդ արարքին բոլորովին անհամարժէք արձագանգները: Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ մարդասպանի հերոսացումը, ըստ նախագահ Սարգսեանի, արժանի է անվերապահ դատապարտման յատկապէս Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն կողմէ:
Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը նշեց, որ Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք պիտի մեկնի Պաքու եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վերոյիշեալ քայլին առնչութեամբ կ՛ակնկալէ պարզաբանումներ ստանալ անոնցմէ:
Ֆիլիփ Լեֆոր ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն միջեւ վստահութեան վնասող այսպիսի քայլը եւ  կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն: