Կեանքի մէջ կան անկրկնելի եւ անմոռանալի պահեր , որոնք՝ թէկուզ կարճատեւ, սակայն ազդեցիկ ու մնայուն հետք կը թողուն անհատի մը կեանքին վրայ, կ՛իմաստաւորեն ու կ՛արժեւորեն զայն, ու մանաւա՛նդ նոր ուղղութիւններ կը պարզեն անոր առջեւ:


Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած  18-րդ  Ֆորումը,14-28 Յուլիս, մեր հայրենիքին մէջ համախմբեց  10 երկիրներէ ժամանած  40 ուսանողներ եւ ուսանողուհիներ, որոնք շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ստեղծեցին ներդաշնակ ու կարգապահ մթնոլորտ:
Նախորդող տարիներու նման,այս տարի եւս Ֆորումը կը  նպատակադրէր հայ ուսանողներու մօտ զարգացնել լաւ մարդ ու գիտակից հայ ըլլալու կարեւորութիւնը՝ ազգային դիմագիծը պահպանելու համար, ծանօթանալով հայրենիքին եւ ազգային արժէքներուն, ճանչնալով զիրար, խորհրդակցելով հայ ժողովուրդը յուզող այժմու մարտահրաւէրներուն շուրջ ու քննարկելով զանոնք:
Այսպէս,հայրենիքի երկինքին տակ, իրարու յաջորդող 14 բծախնդրօրէն եւ մանրամասնօրէն ծրագրուած օրեր ֆորումականներէն իւրաքանչիւրին մօտ ամրապնդեցին  պատկանելիութեան զգացումը, փոթորկեցին անոնց ներաշխարհը,ընդլայնեցին անոնց ընկերական կապերը, բայց մանաւանդ բոլորին մօտ շեշտեցին հայ ըլլալու ու հայրենիք ունենալու հպարտութիւնը ու զանոնք պահապանելու համար մեր դիմաց առկայ մարտահրաւէրները:
Երիտասարդ ֆորումականներ՝ Արցախէն, Ջաւախքէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն,Գանատայէն, ԱՄՆ-էն, Աւստրալիայէն, Պարսկաստանէն ու Ֆրանսայէն  ունեցան  առողջ եւ անկեղծ արտայայտութիւններ  եւ տպաւորութիւններ: Այս բոլորիՆ մասին՝ մասնակից ուսանողները տուին իրենց մտծումները ֆորումի ընթացքին լոյս տեսած  « Լրատու» -ի թիւերուն մէջ կամ ֆորումէն ետք ուղարկելով Ե-նամակի դրութեամբ:

Ահաւասիկ այդ գրութիւններէն կարգ մը մէջբերումներ:



Չեմ գիտեր  ինչու վերատարձէս ի վեր հոգեպէս դատարկուած կը զգամ ինքզինքս:
Արդեօք ինձմէ մաս  մը ձգեցի ձեր քով՝սիրելի Ֆորումականներ կամ հայրենիքիս մէջ,
ուր վերադառնալը դարձած է առօրեայ մտածումս:

Շանթ Նաճարեան/Գանատա

 

Յոյսը սէր կը ներշնչէ

Այսօրուան դասախօս՝ Պրն.Կարօ Յովհաննէսեան նկարագրեց հաճոյամոլութիւնը եւ զայն նկատեց 21-րդ դարու արժէք: Հաճոյամոլութիւնը անձի մը պատճառող ժամանակաւոր հաճոյքն է:
Այս բառը եւ այսօրուան  զրոյցը հնչեցին ականջիս մէջ, դէպի Ծաղկաձորի ճամբու տեւողութեան երբ փոխադրակառքէն կը դիտէի կախարդական, կանաչապատ լեռները: Որբանոցի մուտքին, երգով ու կանչերով մեզ ընդունող պատանիները շփոթի մատնեցին զիս:
Կրկին մտաբերեցի հաճոյամոլութիւն բառը, երբ Մարիամը եւ Նուէրը՝ 2 որբեր ինծի պատմեցին իրենց դասերուն եւ խաղերուն մասին: Միւս կողմէ, ֆորումականները հայկական պար բռնած էին բակին մէջ։
Հաճոյամոլութիւն բառը տակաւին կ՛արձագանգէ ականջիս, բայց եւ այնպէս այս մոլութիւնը չեմ տեսներ ո՛չ ընկերներուս, ո՛չ ալ հոգւով եւ մտքով սքանչելի պատասխանատուներուն,ոչ ալ երեխաներուն մօտ:
Այստեղ չկայ հաճոյամոլութիւն, այլ ընդհակառակն կայ՝ հաւատք, յոյս եւ սէր:
Որբանոցէն մեկնած պահուս ուշդրութիւնս գրաւեց որմազդ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր՝ սէրը միշտ յոյս կը ներշնչէ:
Գտած էի տունս. պիտի սիրեմ զայն եւ այս է  յոյսը:
Դալար Մալաքեան /ԱՄՆ

 

ԹՇՆԱՄԻՍ 

Եթէ գերբնական ուժ մը ունենաս, ի՞նչը կ'ուզես կառավարել հարցումին, միշտ ալ պատասխանած եմ՝ «Ժամանակը»: Այո՛ ժամանակը: Արդէն երբ անունը տամ, տհաճ զգացում մը կը պատէ զիս: Ինչո՞ւ...լաւ, կը բացատրեմ. եկէ՛ք օրինակ մը առնենք:
Ե՞րբ սկսաւ Համազգայինի հաւաքը...Յուլիս 14-ին. այսօր ի՞նչ օր է...Յուլիս 25, եւ...ե՞րբ կը վերջանայ, Յուլիս 27-ին: Ա՛խ, պիտի խենթանամ. ծօ՛, ես դեռ երէկ հասայ օդակայան, արդէն երկու օրէն բոլորին ցտեսութի՞ւն պիտի ըսեմ: Սխալ բան մը կայ, անբնական է. ինչպէ՞ս կրնայ 2 շաբաթը 2 օրուան պէս արագ անցնիլ: Էհ, հիմա յստա՞կ է թէ ինչո՛ւ կÿատեմ ժամանակը: Կ'ուզես  որ կամաց անցնի, արագ կÿանցնի. իսկ երբ կ՛ուզես արագ անցնի՝այն ատեն կամաց կÿանցնի: Ոմանք կÿըսեն, չէ՛ լաւ բան է ժամանակը, քեզի կը մոռցնէ հին օրերը, դէպքերը, անձերը...Էհ, ո՞վ ըսաւ որ ես միշտ կÿուզեմ մոռնալ անցեալը: Այս հաշուով ֆորումի օրերն ալ պիտի մոռնամ, դէպքերն ալ, անձե՞րն ալ. չէ՛ անկարելի է այդ մէկը: Նոյնիսկ եթէ չյիշեմ երբ ինչ ըրինք, ով ինչ ըսաւ, ուր ինչ կերանք, վստահաբար պիտի յիշեմ ով կար հետս, ինչ մթնոլորտ կը տիրէր, ով ինչ բնաւորութիւն ունէր, ինչեր ըրինք որ ուրիշ ոչ մէկ առիթով կրնայի ընել...
Ո՛չ, «սիրելի» ժամանակ, այսքան հաճելի եւ օգտակար հաւաք մը դուն երբե՛ք չես կրնար միտքէս հանել...Որքա՜ն ալ դաժանօրէն վարուիս հետս, որքա՜ն ալ արագ անցնիս, ես պիտի պայքարիմ, եւ յաղթահարեմ քու դժուարութիւններդ: Այո՛, մի՛շտ պիտի յիշեմ կեանքիս ամէնէն հաճելի շաբաթներէն այս երկուքը:
Արեւիկ Փափազեան/Լիբանան

 

Լեռնագնացութիւն

Յունիսի 17-ին Համազգայինի ուսանողական ֆորումը այցելեց  Հայաստանի Հանրապետութեան  ամենաբարձր լեռը՝ Արագածը:  Դա իմ առաջին այցելութիւնն էր Արագած ու ես երազում էի, թէ երբ տեղ կը հասնենք ու հնարաւորութիւն կը լինի ոտք դնել Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաբարձր կէտին:  Աւտոբուսով հասանք  մինչեւ Արագածի  վրայ գտնուող լճին ու այդտեղ ես իմ առջեւ նպատակ դրի ամենաքիչ հնարաւոր ժամանակում հասնել լեռնագագաթ, ու երկու հոգով համարեա ամբողջ ճանապարհը անցանք վազելով, չնայած մառախուղին, թաց գետնին ու դեռ առկայ ձեանը կարողացանք 35 րոպէում հասնել լեռնագագաթին: Վերջապէս երազանքներէս մէկն էլ իրականացաւ: Ամենամեծ երազանքներէս մէկն էլ մեր սուրբ լերան՝ Արարատի գագաթը բարձրանալն է, ցաւօք սրտի՝ դա հիմա հնարաւոր չէ քանի որ Արարատը գտնւում է գերութեան մէջ:

Հայկ Սողոմոնեան /Արցախ


Երեւանի մէջ կորսուիլ


Հայաստանի մէջ առաջին գիշերը զմայլած էի եւ անհաւատալի կը թուէր ինծի ամէն բան: Ինծի ըսած էին, թէ պէտք չէ մտահոգուիլ Երեւանի փողոցները կորսուելով, ընդհակառակը՝ այդ մէկը շատ լաւ փորձառութիւն է: Զարմանալի է, թէ ինչպէս օտար վայրի մը մէջ կորսուիլը կրնայ հաճելի ըլլալ: Երկրորդ օրը, Լահմաճունի ճաշարանի մը փնտռտուքով 3 ժամ կորսուեցանք ու յոգնեցանք: Այդ պահուն անդրադարձայ թէ կը գտնուիմ ժողովուրդի մը մէջ, որ ունի իմ մշակոյթս, իմ լեզուս եւ իմ պատմութիւնս: Տեսայ տղամարդոց եւ կիներու ձեռք-ձեռքի քալուածքը, կիներու հագուածքը, երեխներուն զբաղումները ու հաճոյքը:

Եթէ օր մը գտնուիս Հայաստան, փորձէ կորսուիլ:
Սարինա Փիլիկեան/ԱՄՆ

Ճատրակ

Երեւանի մէջ խաղացի բազմաթիւ անգամներ, ինչպէս նաեւ բազմաղբիւրի մէջ:
Ամէն անգամ որ կը տեսնէի փողոցի անկիւն մը տարեցներ նստած ճատրակ
կը խաղան՝ կը մօտենայի անոնց ու շատ արագ հրաւէր կը ստանայի խաղին
մասնակցելու: Քիչ անգամ յաղթեցի, շատ աւելի պարտութիւն կրեցի,
բայց գնահատանք ստացայ իմ խաղաոճին համար: Հայաստանի մէջ կեցութեանս ընթացքին ճատրակ խաղալու որեւէ առիթ պիտի չփախցնեմ:

Արմէն Վարդանեան/ԱՄՆ

Վարդավառ

Վարդավառը արկածախնդրութիւն էր, բոլոր ֆորումականներս զիրար կը պաշտպանէինք քալած պահուն նուազ թրջուելու համար: Մեզմէ ոմանք յաջողեցան նոյնիսկ թրջելու խաղին մասնակցելու.բան մը որ կ՛ուրախացնէր հայաստանցիները: Վստահ երբ տուն դառնանք այս օրը մեր յիշողութեան լաւագոյններէն մէկը պիտի ըլլայ:

Սիւզի Գրիգորեան/ԱՄՆ


Կը յիշեմ

Գանատացի  Պրն.Թաքէին այս նշանախօսի ետին կանգնած խորհուրդը միշտ ալ հետաքրքրած է զիս: Վերջապէս, կրնամ ընդունիլ որ յաջողած եմ այս մէկը բացայայտել, երբ  ներշնչումներովս, մտածումներովս, եւ պայուսակներսովս հասայ Հայաստան՝ իմ հայրենիքս: Հաւանաբար, սիրելի ընթերցող,  կրնաս հարց տալ, թէ ինչպէս  կրնամ ուղղել այս խօսքը այս փոքրիկ հողամասին, որ ենթակայ եղած է մեծ ուժերու՝ ինչպէս Օսմանեանն ու Խորհրդայինը: Իմ երակներուս մէջ հոսող արիւնը Արարատեան դաշտը ոռոգող գետերուն նման է:
Եւ ահաւասիկ կը յիշեմ արմատներս ու կը պատմեմ Հայոց Պատմութիւնը հպարտօրէն, կը ներկայացնեմ պատմական կառոյցները, կը զգամ ռունգերուս հասնող հայկական այնքան բարակ եւ նուրբ  լաւաշի հոտը....
Այսպէս «կը յիշեմ» իմ ինքնութիւնս:
Հայաստան այցովս Պրն. Թաքէն նկատեցի իմաստուն եւ գիտնական, որովհետեւ ամէն մշակոյթ գոյատեւելու համար պէտք է վերյիշէ անցեալը՝ պատմութիւնը: «Կը յիշեմ» պատգամը կ՛ուղղեմ ձեզի իմ հասակակիցներ. ստացա՞ք: 
Դալար Չերքէզեան/Գանատա

 

Ծիծեռնակաբերդ

Վայր մը՝ ուր երկինքը կը հանդիպի երկրին,

Վայր մը՝ ուր մահը կը հանդիպի կեանքին,
Վայր մը՝ որ կը խօսի հայութեան մահուան, խաչին ու յարութեան մասին:
Հոն՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ,
Եթէ պեղեն կուրծքս կը գտնեն սիրտ մը,
Եթէ պեղեն սիրտս կը գտնեն հայրենիք մը,
Եթէ քննեն ձայնս կը գտնեն ցաւ մը,
Երբ քննեն ցաւս կը գտնեն ցասում, շղթայուած երազներ, վէրք եւ վիժած յոյսեր
97 տարիներ ետք կը մնամ պահանջատէր հայը,
Հայրենիքիս անունը իմ զէնքս է,
Հայրենիք բառի իւրաքանչիւր տառ իմ փրկարարս է,
Սրտիս մէջ փորագրուած է Հայաստանը:
Րաֆֆի Պէքէրէճեան/ Սուրիա

 

Երեք անմոռանալի շաբաթներ...

     Երկիւղը պատած ամբողջ մարմինս, անվստահութեան շղթաներ կապուած ոտքերուս, արցունքները այտերէս վար կը գլորէին...ահաւասիկ իմ նկարագիրս Յուլիս 11-ի երեկոյեան:  Աչքերս յառած ժամացոյցին, սիրտս արագ կը տրոփէր որովհետեւ գիտէի թէ քանի մը ռոպէէն մինակս պիտի նստէի օդանաւին մէջ՝‘ ուղղուէի դէպի նոր փորձառութիւններ:  Առանց մօրս բնաւ չէի ճամբորդած՝‘ այդ անվստահութիւնը ինծի կը սարսափեցնէր:  Շատ յուզիչ՝‘ խառն զգացումներով լեցուն պահ մըն էր ցտեսութիւն ըսել ընտանիքիս:  Մտքիս մէջ հազար ու մէկ հարցումներ կÿերթային, կու գային...սակայն այդ հարցերը անպատասխան կը մնային, վախս եւ կասկածս աստիճանաբար բարձրացնելով:  «Քանի որ ընտանիքս ներկայ պիտի չըլլայ ինծի պաշտպան ըլլալու, որո՞ւ պիտի կարենամ վստահիլ:  Այս ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին մինակ ու անպաշտպան պիտի զգա՞մ:»
    Աւելի քան տասնվեց ժամ ճամբորդելէ ետք, ճակատագրուած վայրս հասայ...մայր երկիր, Հայաստան:  Կարելի չէ նկարագրել այն խառն զգացումի հեղեղը որ կը բխի մէջդ երբ Արարատ լեռը դիմաւորէ քեզ:  Նոյնիսկ եթէ երկրորդ անգամն էր որ կÿայցելէի հայրենի հողը, Արարատը նոյն շշմիչ ազդեցութիւնը ունեցաւ վրաս:  Օդակայանէն դէպի պանդոկ ճամբու ընթացքին, անընդհատ մտիկ կÿընէի «Մենք ենք մեր սարերը» երաժշտութիւնը, չհաւատալով որ վերստին երեք շաբթուան համար պիտի ապրէի՝‘ շնչէի հայ օճախը:  Հայաստան ճամբորդելս սովորական այցելութեան մը համար չէր այլ իբրեւ Համազգայինի Ֆորումի անդամ:  Համազգայինի Ֆորումի հազուագիւտ ազդակը այն է, որ կը համախմբէ աշխարհի չորս կողմի սփիւռքահայ ուսանողները:  Ֆորումի նպատակը ոչ միայն Հայաստանի սովորական վայրերը այցելելն է, այլ հայ նոր  սերունդը զարգացնել հայ մշակոյթով:
    Ամչկոտ՝‘ ինքնամփոփ անձ մը ըլլալով, ինծի համար շատ վախնալիք փորձառութիւն մը կը թուէր քառասուն նոր անձերու ծանօթանալը:  Ֆորումի առաջին օրը իսկապէս դժուար էր քանի որ չէի գիտեր ինչ միջոցի դիմել ընկերութեան նոր կապեր հաստատելու համար:  Սակայն առաջին երեկոեյան երբ խումբով ճաշարան գացինք, արդէն ընդունուած՝‘ ոչ մէկ ձեւով դրսեցի կը զգայի:  Ո՛չ պաղը, ո՛չ անձրեւը խոչընդոտ մը պիտի ըլլային մեր առաջին խմբային հաւաքոյթը աւրելու...ոչ միայն անձրեւին տակ շուրջպար կազմեցինք, այլ տղոց հաստ ձայնը յեղափոխական երգերով կÿարձագանգէր մինչեւ առաւօտեան ուշ ժամերը: 
  Երկրորդ օրը, չեմ կարծեր մէկը գիտէր կամ կÿակնկալէր ինչ որ պիտի պատահէր Վարդավառի տօնական օրը ըլլալով:  Մեզի ըսուած էր, թէ կրնայ ըլլալ որ  քիչ մը թրջուինք... սակայն «քիչ մը» ըսելով ճշմարտութիւնը միայն մասամբ յայտնել էր:  Հայաստանի տեղացիներուն թիրախը եղած էինք, ամէն կողմ որ ուղղուէինք շրջապատուած էինք եւ վերէն վար թաց եղանք:  Բաւական անորոշ եւ նոյն ատեն խնդալիք երեւոյթ մըն էր տեսնել տեղացիները  ջուրի մեծ դոյլերով վազվզել բոլորիս ետեւէն:
   Ուրիշ անմոռանալի օր մըն էր երբ որ Արագած լեռ պիտի ուղղուէինք... այդ օրուան ընթացքին բազմաթիւ հետաքրքրական մանրադէպեր տեղի ունեցան:  Արագածի ճամբան նեղ ու խորտուբորտ ըլլալով, մեր սովորական փոխադրակառքը չէինք կրնար օգտագործել, ուրեմն մեր խումբը երկու փոքր ինքնաշարժերու մէջ բաժնուեցաւ:  Նախքան ճամբայ ելլելը, մեր ինքնաշարժին անցքը գոցուած էր առժամաբար կանգ առած թաքսիի մը կողմէ:  Մեր ինքնաշարժի վարորդը Հայաստանի տաք արիւնը ունենալով երակներուն մէջ, շուտով համբերութիւնը կորսնցուց:  Վարորդին միտքէն անգամ չանցաւ հինգ վայրկեան սպասել որ թաքսի քշողը վերադառնայ, այլ իր միակ միջոցը թաքսին տեղէն շարժելը եղաւ:  Ուրեմն՝ մեր Ֆորումականներէն վեց տղաք գացին եւ ինքնաշարժը վեր վերցնելով մէկ կողմ տեղաւորեցին, անցքը բանալով:  Ես յանկարծակիի եկայ քանի որ չեմ կրնար ըսել որ նման երեւոյթի մը ականատես ըլլալու բախտաւորութիւնը ունեցած էի Մոնթրէալ:  Երեք ժամ ետք վերջապէս Արագած հասանք եւ սկսանք ուղղուիլ դէպի  բլուր մը:  Վերելքը ֆիզիքապէս դժուար էր՝  շնչառութիւնս կը սպառէր, սակայն բլուռի գագաթի տեսարանը հիանալի էր:  Հպարտութեան զգացում մը պատեց մարմինս մանաւանդ իրբ եռագոյնը պարզեցինք եւ սկսաւ ծփալ հովին մէջ:
      Քանի մը օր ետք, այցելեցինք Ծաղկաձորի որբանոցը եւ տակաւին բառերը չեմ գտած նկարագրելու համար զգացումներս:  ՁՕՕ երեխաներ մեզ դիմաւորեցին մեծ ժպիտներով՝ ‘ երգելով մէկ ձայնի վրայ՝ «բարի գալուստ»:  Առաջին վայրկեանէն որ ոտք դրինք որբանոցի սեմին, ջերմութեան ու հրճուանքի մթնոլորտ մը պատեց մեզ:  Փոքրերը ոչ միայն ուրախ էին մեզ տեսնելով, այլ կÿուզէին մեզի ծանօթանալ ու մեզի հետ մտերմանալ:  Գրեթէ ամբողջ օր մը տրամադրուած էր որբանոցը այցելելու...ճաշեցինք, խաղացինք եւ ‘ պարեցինք երեխաներուն հետ:  Զարմանալին այն էր որ նոյնիսկ եթէ դժուար մարտահրաւէրներ ստիպուած էին դիմագրաւել փոքր տարիքէ, անոնք երախտապարտ էին ամէն օրուան պարզ պէտքերը գտնելուն՝ ‘ բնաւ չէին գանգատեր:  Ճիշդ է որ միայն 1Յ տարեկան երեխաներու հանդիպեցանք, սակայն անոնք չափահաս մարդու անկեղծութիւնն ու իմաստութիւնը ունէին:  Մինչեւ հիմա, աչքերս արցունքներով կը լեցուին երբ վերյիշեմ այս դէպքերը:
     Ուրիշ բազմաթիւ անմոռանալի պատահարներ կրնամ նշել  ցանկը անվերջանալի է:  Սակայն, բնաւ պիտի չկարենամ մոռնալ մեր փոխադրակառքի ճամբորդութիւնները երբ միշտ առիթ մը  գտնէինք պարելու՝‘ երգելու, ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելով:  Նաեւ յիշողութենէս պիտի չկարենամ հանել ինչպէս ամէն առաւօտ եռանդով կը վազէինք մեր դրացիին «Grand Candy»ին, պոնչիկ գնելու իբրեւ մեր նախաճաշը կամ բազմաթիւ անքուն գիշերները որ ընկերներով կÿանցնէինք խնդալով եւ խօսելով:  Այս ճամբորդութիւնը այդքան լաւ տպաւորութիւն ձգած է վրաս որովհետեւ նոր ընկերներու ծանօթացայ՝‘ մնայուն ու անխախտելի ընկերութիւններ շինեցի:  Շատ հաճելի պահեր կÿանցընէինք երբ ընկերներով երեկոյեան ճաշարան կÿերթայինք եւ  ժամերով կը ծանօթանայինք իրարու, բաղդատելով մեր առօրեայ կեանքն ու մեր հայկական գաղութի գործունէութիւնները:  Բնաւ պիտի չմոռնամ այդ պահերը՝‘ առ յաւէտ փորագրուած պիտի մնան սրտիս մէջ:
    Ուրեմն, վստահ եմ որ գտայ իմ հարցումներուս պատասխանները - «Ո՞վ ինծի պաշտպան պիտի կանգնի այս ճամբորդութեան ընթացքին:  Որո՞ւն պիտի դառնամ եթէ հարցեր ունենամ»:  Առաջին օրերէն իսկ ծանօթացայ ‘ մօտեցայ զանազան անձերու որ այժմ իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւեն սիրտիս մէջ:  Բնաւ մինակ չզգացի՝ ‘ ընկերներս ինծի նեցուկ կանգնեցան եւ ‘ միշտ պիտի կանգնին:  Բնաւ չէի սպասեր երեք շաբթուան ընթացքին այդքան մտերմանալ անձերու հետ, որոնք տարբեր երկիրներէ եւ‘ միջավայրերէ կու գային:  Անշուշտ մէկ բանալի ազդակ մը կար որ մեզի ուղղակի միացուց մագնիսի նման... մեր հայ ինքնութիւնը եւ մեր սէրը երկիրի մը հանդէպ որ ֆիզիքապէս հեռու կը գտնուի մեզմէ բայց որ մօտիկ է մեր սրտին:
    Կÿուզէի խորապէս շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինին, ոչ միայն ինծի պարգեւած ըլլալու համար այս անմոռանալի ճամբորդութիւնը,այլեւ մէջս վերստին վառելու հայրենասիրութեան կրակը:  Նաեւ կÿուզէի սրտակից շնորհակալութիւն յայտնել մտերիմ ընկերներուս, իմ Համազգայինի պզտիկ ընտանիքիս, որ հայրենիքիս այցելութիւնը անմոռանալի դարձուցին:  Մէկու մը ծանօթանալը իսկապէս հեզասահ՝ ‘ միմիայն հաճելի փորձառութիւն մըն է:  Անձ մը ճանչնալը խորունկ եւ‘ իմաստալի է, քանի որ յարաբերութիւն մը կազմելը խորտուբորտ եւ ‘ դժուար ճամբայ մըն է:  Սակայն անոր աշխատանքին պտուղը ամենահամեղմ է...
Ֆորումի ընկերներուս ցտեսութիւն ըսելը շատ յուզիչ էր՝ ‘ այսպիսի տակնուվրայ վիճակի մէջ բնաւ չէի գտնուած:  Նոյնիսկ եթէ աշխարհի մոլորակի չորս անկիւններն ենք, սիրելի Ֆորումականներ, այս մնաս բարով չէ այլ խոստում մը որ ապագային կրկին պիտի ժամադրուինք Հայաստան :     
Թամար Փաթաքֆալուի /Գանատա

 

Տարբեր է այս անգամ, բոլորովին տարբեր: Թերեւս պատճառը աւելի հասուն տարիքի գտնուիլս է, կամ սփիւռքահայ երիտասարդներ տեսնելս դէմ յանդիման իրենց հայրենիքին՝  չեմ գիտեր... Միայն այն գիտեմ, որ այս անգամ տարբեր ազդեցութիւն ունի այս երկիրը իմ վրաս:
Արեւիկ Փափազեան/Լիբանան

Կապուտիկեանը մեծ կարեւորութիւն է տալիս հայ լեզուն իմանալուն:Կարդացէ՛ք ու ապրեցէ՛ք Կապուտիկեանի փոխանցած միտքերը եւ զգացումները:                                                                                                                                                                  Արին Մարգարեան /Աւստրալիա

Շատ ուրախ ու շնորհակալ եմ,  որ Համազգայինով այս առիթը ունեցայ
Սարդարապատն ու մանաւանդ իր թանգարանը այցելելու:

Անթոնի Քերիմեան /ԱՄՆ

Անվերջ վերադարձ

Բախտաւորութիւնը ունեցայ այս ամառ կրկին վերադառնալու հայրենիք: Առաջին այցելութիւնս 2004 թուականին էր, որու ընթացքին ծանօթացայ հայրենիքիս: Զգացումներս   երկբնոյթ էին. կային պահեր ու վայրեր, ուր   ինքզինքս կը զգայի՝ իմ տանս մէջ,իսկ երբեմն ալ կը կարծէի թէ օտար եմ շրջապատիս:Դժուար է բացատրել ինչ կը զգամ, երբ պատուհանէս դուրս նայելով Արարատը կը դիտեմ՝ բըռ- նագրուած բայց ինծի մօտ. ուրախութիւն ու տխրութիւն կը զգամ միաժամանակ:
Լիւսի Տիշոյեան/ ԱՄՆ

 

Սիրուն Ժպիտներ

Շաբաթ առաւօտեան շատ  հետաքրքիր քննարկում ունեցանք: Ոմանք նոյնիսկ լաց եղան զգացմունքներից: Քննարկումից յետոյ այցելեցինք Տիրամայր Հայաստան  ճամբար, որտեղ հանգստանում են որբ եւ‘ անապահով ընտանիքների երեխաներ: Երբ մօտեցանք ճամբարի մուտքին 194 երեխայ միահամուռ գոռում էին՝  «Բարի գալուստ»: Նոյնիսկ չեմ կարող նկարագրել թե ի՛նչ զգացի: Այդ երեխաների աչքերում  ‘՛ ցաւ ու տխրութիւն կար, եւ յոյս ու հաւատ՝   երջանիկ ապագային: Ճամբարում շրջելուց յետոյ ճաշեցինք փոքրիկների հետ, որից  ետք խաղեր խաղացինք ու պարեցինք: Եւ  չնայած յուզմունքին, արցունքներին եւ ‘ վնասուածքներին՝  անցկացրինք  ֆորումի լաւագոյն օրերից մէկը: Մի քանի  ժամ մեր սէրն ու ջերմութիւնը նուիրեցինք նրանց, ովքեր ամենաշատը դրա կարիքն ունեն: Որոշել եմ նորից այցելել այդ  երեխաներին: Նրանք սիրոյ եւ ջերմութեան կարիք ունեն: Նրանց սիրուն ժպիտները միշտ պիտի պահեմ յիշողութեանս մէջ:
Բաղդասարեան Հուրի /Հայաստան