Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 Սեպտեմբերին ընդունած է ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենը:


Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին երկու անձնաւորութիւնները պատասխանած են լրագրողներուն հարցումներուն։
«Հունգարիայի կառավարութեան քայլը պարզապէս անընդունելի է», յայտարարած է նախագահ Սարգսեան եւ շարունակած. «Հունգարիայի կառավարութիւնն ուղղակի չէր կարող տեղեակ չլինել, թէ ինչպէս էր Ատրպէյճանում հերոսացւում Սաֆարով կոչուած մարդասպանը, չէր կարող չկանխատեսել, որ նա ազատ է արձակուելու, առաւել եւս, որ այդ մասին խօսուել էր բազմիցս եւ Հունգարիայի ղեկավարները հաստատել էին այդ կասկածները: Ես այսօր իմ խորին երախտագիտութիւնն եմ յայտնում բոլոր այն հունգարացիներին, ովքեր այս դժուարին օրերին բարձր բարոյականութիւն դրսեւորեցին ու նեցուկ եղան հայ ժողովրդին»։
Ան դիտել տուած է, որ այս ծիրին մէջ կ՛ուզէ անդրադառնալ այլ հարցի մը. «Մենք տարբեր առիթներով բազմիցս նախազգուշացրել ենք մեր գործընկերներին, որ պաշտօնական փաստաթղթերում, հրապարակային յայտարարութիւններում Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին միակողմանի, բանակցային գործընթացի իրական բովանդակութիւնը չարտացոլող ձեւակերպումները վտանգաւոր են առաջին հերթին այն առումով, որ դրանք քաջալերում են Ատրպէյճանի ապակառուցողական, առաւելապաշտական  դիրքորոշումը: Համոզուած եմ, որ նաեւ այդ չակերտաւոր քաղաքական կոռեկտութիւնն է հիմք ծառայել Ադրբեջանի աղաղակող  այս կեցուածքին ու գործողութիւններին»։
ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ուսանողներուն եւ դասախօսներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին դիտել տուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ մարդասպան սպայի ներման վերաբերեալ ՆԱԹՕի դիրքորոշումը 7 Սեպտեմբերին պիտի դրսեւորուի Պաքուի մէջ:  «Վաղը ես պիտի երթամ Պաքու, ուր այս հարցի առնչութեամբ պիտի արտայայտեմ մեր դիրքորոշումը: Սպանութիւնը պէտք չէ փառաբանուի: Ես վստահ եմ, որ ասիկա զայրոյթ յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ։ Կը հասկնամ ձեզ։ Ասիկա տնտեսական եւ քաղաքական մեծ անյաջողութիւն պիտի ըլլայ այս տարածաշրջանին համար, ինչ որ  Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ՆԱԹՕի շահերէն չի բխիր եւ  պէտք չէ խանգարէ խաղաղ գործընթացը», յայտնած է Ռասմուսենը: